«Երկիր».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Խալաֆ Խալաֆով Ֆրանսայի Անկախութեան օրուան նուիրուած ընդունելութեան ժամանակ ըսած է, որ Պաքու Փարիզէն կը սպասէ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ ջանքերու աշխուժացում:
Անոր համաձայն, սթաթուս քուոյի դրութիւնը անընդունելի է: «Հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն հիման վրայ», ըսած է Խալաֆով: