ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Կիրակի,14 Յուլիսի յետմիջօրէին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծած են Հալէպի «Հալապ Ըճտիտէ» եւ «Մնիէն» շրջանները։ Զոհուած են վեց, վիրաւորուած՝ ութը քաղաքայիններ։
Աղբիւրին համաձայն, միջօրէին հրթիռակոծուած է նաեւ Հալէպի քաղաքապետարանը։ Վիրաւորուած է մանուկ մը։