Կիրակի, 14 Յուլիս 2019-ին , Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեան եւ իր պատուիրակութիւնը ժամանեցին Դամասկոս:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին շրջանի Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան , Ազգային, քաղաքական ժողովի, տնտեսական , կրթական ներկայացուցիչներն ու ՍՕ Խաչի ներկայացուցիչը: Սրբազան հայրը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցան Դամասկոսի Պատկան Մարմինի անդամներուն եւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխանին , բարեսիրական , մշակութային , մարզական եւ կրթական միութիւններու ներկայացուցիչներուն , սկաուտներուն, պատանիներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ: Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեան եւ պատուիրակութիւնը նախ այցելեցին Ազգ. Միացեալ վարժարանի վերանորոգուող կառոյց -համալիրը: Սրբազան հայրը մօտէն ծանօթացաւ եւ իրազեկ դարձաւ վերաշինութեան աշխատանքներուն եւ բարձրօրէն գնահատեց կատարուած աշխատանքը, յաջողութիւն մաղթելով կրթական հաստատութեան: Ապա, սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ իր հօտին հետ «Ա.Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս:

Ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսք արտասանեց պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ուրֆալեան: Ան ջերմօրէն շնորհաւորեց սրբազան հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ ընտրուելուն եւ Դամասկոս այցելութեան ուրախալի առիթներով , որոնք մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին գաղութին մէջ եւ յոյս ներշնչեցին ապագայի նկատմամբ : Ապա ան սրբազան հօր մաղթեց արդիւնաւէտ գործունէութիւն եւ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ միութիւններուն եւ Ազգ. Միացեալ վարժարանի իրավիճակին եւ գործունէութեան:
Սուրիոյ խորհրդարանի երեսխոխան դոկտ. Նորա Արիսեան հանդէս եկաւ շնորհաւորական եւ ողջոյնի խօսքով: Ան ըսաւ. «Այսօր դամասկահայերը անգամ մը եւս ցնծութեան եւ բերկրանքի պահեր կ’ապրին ընդունելով նորընտիր առաջնորդը ՝ արաբական ոճ եւ հայկական շունչ վայելող այս համեստ տան մէջ: Արդէն թօթափեցինք պատերազմի ութը տարուան դժուարութիւնները եւ մեզի համար սրբազան հօր Դամասկոս այցելութիւնը մեծ պատիւ է»: Դոկտ. Արիսեան այնուհետեւ բարի երթ մաղթեց սրբազան հօր:

Շնորհաւորական խօսքեր արտասանեցին միութիւններու ՝ ՍՕ Խաչի , ՀՄԸՄ-ի , Համազգայինի ներկայացուցիչներն ու Ազգ. Միացեալ վարժարանի հոգաբարձութիւնը: Ապա սրբազան հայրը իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին ըսելով. « Դամասկոս՝ մայրաքաղաք այցելելը մեզի համար էական է : Ինչպէս մեզի , այնպէս ալ արաբ բոլոր ժողովուրդներուն համար կարեւոր է, որ այս երկիրը վերադառնայ նախկին իր փառքին եւ վերածուի կարեւոր խաչմերուկի մը , որպէսզի հոսկէ նաեւ լուծուին տարածաշրջանի բոլոր հարցերը »:Ան շարունակելով ըսաւ. « Մենք ՝ որպէս սուրիահայեր, մեր ղեկավարներուն ճկունութեան շնորհիւ, կարողացանք ընտրել ճիշդ ուղին: Ուղի մը, որ վայել է այս երկրին, վայել է մեր անցեալին, վայել է մեր պատիւին: Այդ ուղին Սուրիոյ Հանրապետութեան, անոր պետական շահերուն, նախագահին եւ սուրիական բանակին կողքին կանգնիլն էր: Ամէնուրեք եւ հպարտօրէն կ’ըսենք ,որ մենք արդարութեան, ճշմարտութեան եւ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու ժողովուրդին միասնութեան, համընդհանուր շահերուն հետ եղանք: Այս է մեր հաւաքական անշեղ կեցուածքը, ամբողջ հայութեան կեցուածքը»:
Ապա տեղի ունեցաւ աջահամբոյր , որմէ ետք սրբազան հօր ի պատիւ ընթրիք մը տեղի ունեցաւ՝ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: