«h-pem.com-ի Լեզուի Քաղաքականութիւնն է՝ Անգլերէնը Միջոց. Հայերէնը՝ Նպատակ». Վաչէ Փափազեան

«Կը Ձգտինք Հայ Երիտասարդին Տալ Առիթը՝ Ինքզինք Հայ Զգալու». Լուսիկ Կիւլոյան-Սրապեան

 

Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

 

Արդէն իսկ սկսած է գործել Համազգայինի առցանց  բեմը` h-pem.com, որ հայկական իրականութեան մէջ նորութիւն է ամէն իմաստով` մօտեցում, նպատակ, բնոյթ, գործելաոճ, թիրախ, ձեւաւորում, նիւթերու մատուցման ձեւ եւ այլն: Ողջունելի այս նախաձեռնութեան մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալու  նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց h-pem.com-ի տնօրէն Լուսիկ Կիւլոյեան-Սրապեանի եւ յանձնախումբի անդամ Վաչէ Փափազեանի հետ:

 

«ԱԶԴԱԿ».- 13 Մայիս 2019-ին Համազգայինը իւրայատուկ քայլով մը հանրութեան, յատկապէս երիտասարդութեան համար հասանելի դարձուց արդիական շունչով առցանց  բեմ մը` h-pem.com: Իր տեսակին մէջ առաջինը հանդիսացող այս նախաձեռնութիւնը ե՞րբ, ի՞նչ նպատակով եւ ի՞նչ մտահոգութենէ ծնունդ առաւ: Նաեւ` որո՞նք էին գործնականօրէն անոր հիմը դնողները:

 

ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ.- 2014-ին գումարուած Համազգայինի պատգամաւորական ժողովը արձանագրեց կարեւորութիւնը հայերէնէն հեռացած եւ արագ ձուլման ենթակայ սփիւռքահայութեան խաւը եւ յատկապէս այդ խաւի երիտասարդութիւնը դէպի հայ մշակոյթ վերադարձնելու արդիական նախաձեռնութեան մը: Ժողովը կարեւոր նկատեց համացանցի կարելիութիւնները օգտագործել եւ հայ մշակոյթը այս խաւին հասցնել հասկնալի, գրաւիչ ու կենդանի ոճով:

 

Այս ժողովին յաջորդեց ծրագրումի եւ գործադրութեան շրջան մը: 2018-ի պատգամաւորական ժողովը եկաւ վերահաստատելու կայացած որոշումը, եւ այս նպատակով պիւտճէական նոր եւ ծանր յանձնառութիւն վերցնելու:

 

Մտահոգութիւնը հետեւեալն է. մինչ կազմակերպուած սփիւռքը իր կրթական եւ մշակութային գործունէութեամբ կը փորձէ լեզու եւ մշակոյթ պահպանել հայ մշակոյթին եւ հայերէնին կապուած չնչին փոքրամասնութեան մը շրջանակին մէջ, անդին` կայ բացարձակ եւ հսկայ մեծամասնութիւն մը, որ մեր հրատարակութիւնները չի կարդար, մեր ձեռնարկներուն ներկայ չ՛ըլլար, իր զաւակները հայկական վարժարան չի ղրկեր, հայերէնէն ամբողջովին կամ գրեթէ ամբողջովին կտրուած է, կը խօսի իր բնակած երկրին լեզուն, եւ որուն մենք ոչ իսկ նուազագոյն չափով կը հասնինք: Անշուշտ սփիւռքահայութեան այս խաւին մէջ շատեր անդառնալիօրէն կորսուած պէտք է համարել, բայց կայ նաեւ բաւական մեծ շերտ մը, որ ամբողջովին խզուած չէ հայութենէն: Քանի ուշ չէ, պէտք է հասնիլ անոր, կամուրջներ նետել, կապ հաստատել, ծանօթացնել հայ մշակոյթը եւ զայն մօտեցնել մեր մշակոյթին ու հայերէնին: Փակագիծ մը բանալով` այստեղ կ՛ուզեմ շեշտել, որ խօսքը միայն Արեւմուտքի երիտասարդութեան մասին չէ.  հայութենէն խզուած կամ խզուելու սեմին հասած երիտասարդութեան թիւը մտահոգիչ համեմատութեան հասած է նոյնիսկ Լիբանանի մէջ:

 

ԼՈՒՍԻԿ ԿԻՒԼՈՅԵԱՆՍՐԱՊԵԱՆ.- Երբ Կեդրոնական վարչութիւնը ճշդեց  առցանց բեմին նպատակները, բնոյթը եւ ոճը, իր կազմէն ստեղծեց ծրագիրին գործադրութիւնը հետապնդող յանձնախումբ: Յանձնախումբի անդամներ Վաչէ Փափազեան,  Մկրտիչ Եափուճեան եւ Գարլօ Խտըշեան ուսումնասիրեցին բեմը ստեղծելու կարելիութիւնները: Ապա Կեդրոնական վարչութիւնը բեմի պատասխանատու տնօրէնի պաշտօնին կոչեց զիս: Ընդառաջեցի` նախաձեռնութիւնը նկատելով այժմէական եւ կենսական: Ոչ հայախօս սերունդներուն մէջ հայ մշակոյթի ճամբով ինքնութեան գիտակցութիւն արթնցնելու նպատակը նաեւ կը ներշնչէր մշակութային փոխհարստացման հետաքրքրական կարելիութիւններու հեռանկարներ:

 

«Ա.».- Բնական է, որ գոյութիւն չունեցող բանի մը շունչ ու մարմին տալու համար բաւական դժուար եւ երկար ուղիէ մը անցած պէտք է ըլլաք թէ՛ թեքնիք իմաստով, թէ՛ բովանդակային, եւ թէ՛ մարդուժի ապահովման: Այսօր արդէն այդ բոլորը յաղթահարելով` ներկայացած էք հանրութեան, սակայն արժէ անդրադարձ մը կատարել այդ փուլին` որքա՞ն տեւեց, ի՞նչ հիմնական հարցեր ծագեցան, ի՞նչ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կանգնեցաք:

 

Լ. Կ. Ս.– Համացանցի աղմկոտ աշխարհին մէջ լսելի դառնալը մարտահրաւէր է իւրաքանչիւր բեմի համար, իսկ հայկական իրականութեան մէջ առցանց բեմի նախափորձ գոյութիւն չունենալով` Համազգայինի ծրագիրը կրկնակիօրէն եւ անխուսափելիօրէն փորձարկութեան դաշտ մըն էր Կեդրոնական վարչութեան, Առցանց բեմի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ ինծի համար:

 

«Ազդակ»-ի մէջ լրագրական փորձառութեամբս ծանօթ էի մշակութային կայքերու գործելաոճին: Պրպտումներ կատարեցի տեսնելու համար, թէ անհատներ եւ կազմակերպութիւններ ինչպէ՛ս կը ղեկավարեն իրենց բեմերը, ի՛նչ խորհուրդներ կու տան, ի՛նչ հնարքներ կը փորձարկուին եւ ի՛նչ ռազմավարութիւններ կրնան յաջողիլ:

 

Համացանցի աշխարհ պէտք էր մուտք գործել առաւելագոյն պատրաստուածութեամբ: Նպատակաուղղուած, բայց անուղղակի ձեւով մտայնութիւն զարգացնող, հայկական ոգի ներշնչող եւ մանաւանդ հայութենէն հեռացող երիտասարդութեան հետ «խօսելու» վայր` բեմ մը ստեղծելը կրկնակիօրէն կը պահանջէր յատուկ ռազմավարութեան կիրարկում: Ասիկա կ՛ենթադրէր մշակութային շրջանակներու եւ տարբեր երկիրներու մէջ ապրող երիտասարդներու հետ զրոյցներ եւ իրավիճակներու առարկայական ճանաչում:

 

Մինչ կը պատրաստուէր բազմաշերտ բեմի մը նախագիծը, կը յստականար անձնակազմի անհրաժեշտ կարողութիւններու պատկերը: Նկատի ունենալով, որ բեմին թիրախը անգլիախօս հայ սերունդներն էին, շեշտուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ խմբագիրներ ունենալու կարեւորութիւնը: Անգլիախօս հայ երիտասարդութեան հասնելու իր ձգտումին մէջ բեմը պարտաւոր էր ունենալ անգլիախօս միջավայրի մտայնութեան հաղորդակից, ինչպէս նաեւ անգլիախօս հայութիւնը հայկական մշակութային իրադարձութիւններով խանդավառելու ատակ անձեր:  Յարմար թեկնածուներ գտնելը դիւրին չէր:

 

Սկզբնական աշխատանքները` բովանդակութեան կառուցումը, ձեւագծումը, իրաւական պայմաններու լրացումը եւ անձնակազմի փնտռտուքը ժամանակ խլեցին, որովհետեւ իւրաքանչիւրը կը պահանջէր համապատասխան պրպտում,  նախապատրաստութիւն եւ փորձարկութիւն: Կեդրոնական վարչութեան Առցանց բեմի յանձնախումբը շուրջ 4 տարի քայլ առ քայլ հետեւեցաւ ծրագիրին իրագործումին` քննելով դժուարութիւնները, փնտռելով լուծումներ եւ կայացնելով որոշումներ:

 

Փաստօրէն h-pem-ը ստեղծելու գործընթացը հոլովոյթ մը ապրեցաւ եւ պիտի շարունակէ ապրիլ, որովհետեւ զայն կը նկատենք շարունակուող ստեղծագործութիւն:

 

«Ա.».- Տարբեր առիթներով յայտարարած էք, որ այսօր երիտասարդութիւնը մեր առօրեային հետ առնչութիւն չ՛ուզեր ունենալ, այլ ունի իր աշխարհն ու ներաշխարհը, որուն մօտենալու եւ զայն հոնկէ դէպի հայութիւն բերելու նպատակը հիմնական կը նկատէք: Ի՞նչ ձեւեր որդեգրուած են այս մէկը իրականացնելու համար:

 

Վ. Փ.– Այստեղ կայ օգտագործուելիք լեզուի եւ ոճի հարց: Կ՛ուզեմ անդրադառնալ լեզուի հարցին: H-Pem-ի գլխաւոր լեզուն պիտի ըլլայ անգլերէնը: Եթէ փորձեմ մէկ տողի մէջ ամփոփել օգտագործելի լեզուի մեր քաղաքականութիւնը, պիտի ըսեմ հետեւեալը. անգլերէնը` միջոց, հայերէնը` նպատակ:  Անգլերէնը միջազգային լեզու է կամ ոչ, յստակ է, որ միակ լեզուն է, զոր շատեր կը հասկնան: Ճիշդ է, որ կարգ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս Ռուսիա,  հայութեան մեծամասնութիւնը անգլերէնի ծանօթութիւն չունի: Սակայն ապագային, եթէ նիւթական միջոցները ներեն, թերեւս պէտք է օգտագործենք նաեւ այլ լեզուներ: Ինչ կը վերաբերի հայերէնին, պէտք է անդրադառնալ, որ հայերէնը իբրեւ հաղորդակցութեան գլխաւոր միջոց օգտագործելով` անկարելի պիտի ըլլայ հայերէնէն հեռացած խաւին հետ խօսիլ եւ զայն ներգրաւել: Մեր նպատակներէն մէկը պիտի ըլլայ բեմ այցելողները քաջալերել, որ մօտենան հայերէնին:

 

Լ. Կ. Ս.– Երիտասարդութեան ներաշխարհը համացանցի աշխարհն է: Իսկ համացանցը պայքարի դաշտ է, ուր պէտք է զինուիլ,  սահմանել յստակ նպատակներ եւ զանոնք վերահաստատել ուժեղ գործելաոճի ճամբով, թիրախ ընտրուած հաւաքականութեան ծանօթութեամբ եւ այցելուներ խանդավառելու կարողութեամբ:

 

Առաջնահերթ կարեւորութիւն կու տանք որակին` բովանդակութեան, ձեւագծումի, լեզուական եւ փոխգործօն յարաբերութեան որակին:

 

Որդեգրած ենք պարունակութեան փոխանցման անուղղակի միջոցներ եւ գործելաձեւ, որպէսզի կարելի ըլլայ հայ մշակոյթին եւ հայութեան հետ հանդիպման ձգողական վայր մը ստեղծել:

 

Կը փորձենք առանց որակազրկումի գոհացնել Դիմատետրի եւ Ինսթակրամի յատուկ մշակոյթով ապրող սերունդներուն ակնկալութիւնները եւ ուշագրաւ  տեղեկութիւններու պահանջը: Իբրեւ սկզբունք` մշակոյթը կը շաղկապենք հայկական ազգային, քաղաքական եւ ընկերային իրավիճակներու հետ, երիտասարդական տարբեր հետաքրքրութիւններու հետ: Կը խուսափինք բեմը հայկական Ուիքիփետիայի վերածելէ: Հայկական տարբեր տեղեկութիւններով հարուստ են Կուկըլը եւ Ուիքիփետիան: Տեղեկութեան շտեմարան մը կերտելէ աւելի` կ՛աշխատինք հայ մշակոյթը եւ ստեղծագործ հայ տիպարները տեղադրել եւ արժեւորել համամարդկային եւ համաշխարհային մշակոյթի պարունակին մէջ: Վերջապէս, կը ձգտինք հայ երիտասարդին տալ առիթը` ինքզինք հայ զգալու:

 

«Ա.- Յստակ է, որ ձեր նպատակին հասնելու համար անգլերէն լեզուն որդեգրուած է հարթակին համար: Ասկէ մեկնած` կրնանք ըսել, որ հայ երիտասարդին բնորոշումը ձեր մօտ աւելի ընդարձակ սահմաններ ունի, քան ինչ որ ընդունուած ու դասական է: Այդպէ՞ս է: Ո՞վ է հայը ըստ ձեզի, եւ ի՞նչ են օգուտները հայերէնին անգիտակ հայը եւս ներգրաւելու, հայութեան մօտեցնելու:

 

Վ. Փ.– Շատ կարեւոր հարցում է այս. ո՞վ է հայը: Կարելի է` իբրեւ պայման, նկատի առնել ենթակային հայախօս ըլլալը, կամ հայախօսութեան բացակայութեան պարագային, հայութեան գոյապայքարին գործնապէս մասնակցիլը, նաեւ` հայկական ծագումը: Կարելի է, բայց նման պայմաններ սահմանելը ճիշդ չէ: Ժամանակն է անդրադառնալու, որ այս պայմանները պահանջկոտ են, բացառող-մերժող են, եւ ոչ` բաւարար չափով ներառող: Ժամանակն է յիշելու, որ «ազգ» հասկացողութեան մէջ ի վերջոյ կարեւորագոյն տարրը մշակոյթն է: Պէտք է օգտագործել աւելի ներառող սահմանում մը.

 

Հայ է այն անհատը, որ ունի ամբողջական կամ մասնակի հայկական ծագում, իր ինքնութեան մէջ ունի տարրեր հայ մշակոյթէն, եւ ինքզինք ամբողջովին կամ որոշ չափով հայ կը զգայ: Իրաւամբ, կարելի չէ հայ չնկատել այն երիտասարդը, որ, թէեւ հայերէն չի գիտեր, բայց կը մտածէ` «ես հայ եմ», «ես մասամբ հայ եմ», «ես թերեւս հայ եմ», եւ կը հետաքրքրուի իր հայկականութեամբ: Ով որ ամբողջովին խզուած չէ հայութենէն, հայ է: Երբ անհատը, հոգ չէ, թէ միայն որոշ չափով հայ կը զգայ, մեր պարտականութիւնն է ձեռք երկարել իրեն եւ օգնել, որ ծանօթանայ, մօտենայ, մասնակցի, որպէսզի հայ ըլլալու զգացումը վերածուի գիտակցուած եւ ամուր կողմնորոշումի:

 

«Ա.».- Խօսինք h-pem-ի բաժիններուն մասին. ինչպէ՞ս կատարուեցաւ անոնց ընտրութիւնը: Խնդրեմ` մանրամասնօրէն անդրադառնանք բաժանմունքներուն:

 

Լ. Կ. Ս.– Բեմին հիմնական ծրագիրը իրականացնելու իբրեւ գործնական լուծում որդեգրուած է զայն փուլային ձեւով ընդլայնելու եւ զարգացնելու մօտեցում:

 

H-Pem-ը առցանց մուտք կը գործէ` ելակէտ ունենալով իր «թերթ»-ը` Featured Content-ը  եւ հանրութեան տրամադրած իր բեմը` Your Stage:

 

Featured Content-ը կ՛ընդգրկէ Storries, Interviews, Profiles, In Pictures, Analyses մասերը: Այստեղ կը  ներկայացուին` մշակութային արժէքներ, իրագործումներ, փորձառութիւններ, արուեստագէտներու եւ գրագէտներու տիպարներ, հարցազրոյցներ, լուսանկարներով եւ տեսերիզներով պատմուած նիւթեր, քննական  ակնարկներ` միշտ այժմէական իրադարձութիւններէ մեկնած:

 

Your Stage-ը կ՛ընդգրկէ Multimedia Guide, Submissions, Collaborations եւ Live Streaming մասերը, որոնք կը նպաստեն բեմին փոխգործօն (interactive) եւ մասնակցողական դիմագիծին կերտումին: Այստեղ բեմը իրեն յատուկ դիտանկիւնով եւ անմիջական ոճով կը ներկայացնէ` հայ մշակոյթի առնչուող ուշագրաւ տեսերիզներ, լուսանկարներ, երգեր եւ այլն, որոնք հրապարակուած են տարբեր կայքերու մէջ կամ ընկերային ցանցերու վրայ, երիտասարդ արուեստագէտներու, գրագէտներու եւ բանաստեղծներու կը տրամադրէ իրենց ստեղծագործական աշխատանքը վերբեռնելու, ծանօթացումի եւ գործակցութեան վայր մը, կ՛իրականացնէ գործակցաբար մշակուած ծրագիրներ եւ կը կատարէ մշակութային իրադարձութիւններու կենդանի սփռումներ:

 

«Ա.».- Հետաքրքրական է, որ մեր իրականութեան մէջ ճանչցուած դէմքեր, արուեստագէտներ եւ անձնաւորութիւններ դրական անդրադարձած են այս հարթակին, զայն նկատած են իրենց նպատակներու իրականացման միջոց եւս: Յիշենք կարգ մը յատկանշական տպաւորութիւններ, որոնք ձեզի փոխանցուած են:

 

Լ. Կ. Ս.– Երբ բեմին մեկնարկին առիթով ձեռնարկեցինք քարոզչական տեսերիզի մը պատրաստութեան, դիմեցինք Ադոմ Էկոյեանին, Վահէ Պէրպէրեանին եւ Սերժ Թանքեանին, որոնք իրենց վկայութիւններուն մէջ շեշտեցին ծրագիրին կարեւորութիւնը եւ դերը` հայ իրականութեան մէջ, ինչ որ շատ խրախուսիչ էր մեզի համար եւ ձեւով մը վերահաստատեց մեր հաւատքը` ծրագիրին նկատմամբ:

 

Ադոմ Էկոյեանը ըսաւ. «Հրաշալի գաղափար է. երկար ատենէ ի վեր կը զգացուէր կարիքը բեմի մը, ուր հայ արուեստագէտներ կարենային ծանօթացնել իրենց գործերը, ուր մեր մշակոյթին հարստութեամբ հետաքրքիր անձեր կարենային այցելել եւ աւելին գտնել, վայր մը, ուր իրապէս կարենայինք զրուցել, ինչ որ կենսական է եւ անյետաձգելի: Բոլորովին նոր ժամանակներ են, կը պահանջեն մեր մշակոյթը արտայայտելու նոր միջոցներ, իսկ այս բեմը իրապէս մեզի առիթը կու տայ այս բոլորին: Ուժեղ կերպով կը զօրակցիմ»:

 

Վահէ Պէրպէրեանը նոյնքան խանդավառ բաժնեց իր մտածումները. «Վերջապէս, ահաւասիկ այստեղ է այնպիսի բեմ մը, որ մշակոյթի, արուեստի եւ իրագործումներու ճամբով կապ կը ստեղծէ հայերու միջեւ: Աշխարհի տարածքին հայկական գաղութներ այցելելու առիթով անդրադարձած եմ, թէ կը պակսի այն շաղախը, որ մէկ երդիքի տակ իրարու քով պիտի բերէր հոյակապ անձեր, մեծ թիւով արուեստագէտներ եւ մտաւորականներ` ստեղծելու համար տեսակ մը հիւրասրահ, ուր պայծառ եւ փայլուն ուղեղներ պիտի կարենային հանդիպիլ: Եւ հաւատացէք ինծի, աշխարհի տարածքին իրապէս ունինք հրաշալի տաղանդներ: Համազգայինի այս նոր նախաձեռնութիւնը` Հայ մշակութային բեմը կը կատարէ ճիշդ այս դերը: Կը ստեղծէ թուային երդիք մը, որուն տակ կրնանք բոլորս մէկտեղուիլ եւ բաժնել մեր իրագործումները»:

 

Սերժ Թանքեանի մօտեցումը աւելի զգացական էր եւ կ՛արժեւորէր նոյնինքն Համազգայինը. «Ծնողներս երկուքն ալ Լիբանանի մէջ անդամ էին Համազգայինի: Մայրս կը պարէր, հայրս կ՛երգէր: Հրաշալի մշակութային կազմակերպութիւն մըն է, որուն կը զօրակցիմ ամբողջ սրտով եւ կը կարծեմ, թէ այս նոր կայքը, զոր կը կառուցեն` արուեստի եւ մշակոյթի ճամբով մէկտեղելու համար աշխարհի տարածքին ապրող տարբեր հայերը, շատ արժէքաւոր է»:

 

Բեմին մեկնարկէն ետք ընկերային ցանցերու վրայ Վահէ Պէրպէրեանը դարձեալ յայտնեց իր զօրակցութիւնը եւ Ինսթակրամի վրայ իր հետեւորդները հրաւիրեց` «տեսնելու տպաւորիչ ծրագիրը»:

 

Իսկ «Զուլալ եռեակ»-ը երկու առիթով Դիմատետրի իր էջին վրայ դրուատեց նոր հրապարակուած բեմը: «Համազգայինի հրաշալի նոր բեմը, որուն մեկնարկը տեղի ունեցաւ մայիս 13-ին, կը յորդի զարմանահրաշ բովանդակութեամբ: Անպայման տեսէ՛ք», կ՛ըսէր խումբին խիստ քաջալերական նշումը:

 

«Ա.».- Այս առիթով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր, որ բեմին առաքելութիւններէն մէկը կը մնայ հայերէնը տարածել իբրեւ հաճելի եւ բոլորին կողմէ գործածելի լեզու, բայց եւ այնպէս հարթակը անգլերէն լեզուով է ամբողջութեամբ: Ինչպէ՞ս պիտի կարենաք այս ձեր նպատակը իրագործել:

 

Լ. Կ. Ս.- «Երբ մէկուն հետ կը խօսիս իր լեզուով, կը խօսիս իր սրտին», ըսած է Նելսըն Մանտելա: Երբ թիրախ ունինք ընդհանրապէս անգլիախօս սերունդները, պարտաւոր ենք բեմին բովանդակութիւնը կառուցել յատկապէս այս թիրախին պահանջներուն համապատասխան ոճով եւ պարունակութեամբ, անոր վստահութիւնը ներգրաւելու ճիգով, բեմին հիմնական առաքելութիւնները անուղղակի միջոցներով իրագործելու միտումով:

 

Բեմին վրայ արդէն հրապարակած ենք հայերէնին կարեւորութիւնը եւ հայերէնախօսութեան վիճակը ներկայացնող յօդուածներ` մեկնած անձնական փորձառութիւններէ եւ հրապարակային քննարկումներէ, ծանօթացուցած ենք հայերէն սորվելու առցանց արդիական միջոցներ:

 

Բեմը ամբողջութեամբ անգլերէն չէ, պիտի ունենայ հայերէն երեսներ, բայց նաեւ երկլեզու չէ: Իբրեւ սկզբունք` յօդուածներու մէջ անուղղակիօրէն կը ներառենք հայերէն բառեր` միշտ անգլերէն բացատրութիւնները նշելով, կը կատարենք կամ կը մէջբերենք հայերէն երգերէ կամ բանաստեղծութիւններէ թարգմանութիւններ, միշտ` հայերէնը կցելով:

 

Կը հաւատանք, որ բեմին թիրախէն արձագանգներ լսելով եւ անոր կարիքները ճանչնալով` պիտի կարենանք ծրագրել եւ կիրարկել հայերէնը օգտագործելի դարձնող  միջոցներ` թիրախին հետաքրքրութիւնը արթնցնող կամ կարիքները գոհացնող ձեւերով:

 

(Շար. 1)