Հայ Դատի յանձնախումբերը այս օրերուն արդարօրէն պէտք է արժանանան ամերիկահայութեան զօրակցութեան՝ նիւթական յաւելեալ աջակցութեան կամ հրապարակային խրախուսանքի այլ ձեւերով:

Աշխատանքը, անշուշտ, պայմանաւորուած չէ գնահատականի ակնկալիքներով: Գործին հաւատացող Հայ Դատի նուիրեալները մեր թաղերէն սկսեալ մինչեւ Ուաշինկթըն կ՛աշխատին, կը պայքարին՝ յանուն Հայաստանի, Արցախի ու հայութեան շահերուն պաշտպանութեան: Կը պայքարին՝ իրենց տրամադրուած նիւթական կարելիութիւններու անբաւարարութիւնը յաւելեալ անձնական զոհաբերութիւններով յաղթահարելով: Կը պայքարին՝ հաւատալով, որ իրենց աշխատանքին արդիւնքը պիտի գնահատուի յաւելեալ կարելիութիւններու հոսքով՝ ի նպաստ նոր ծրագրերու:
Արդա՞ր է այդ ակնկալութիւնը: Կրնա՞յ ըլլալ, որ այս անգամ չսպասենք, որ պատկան մարմինները, Հայ Դատի պատասխանատուները, գործավարները իրե՛նք դիմեն ու մեզի յուշեն, որ նուիրատուութիւն կատարելով՝ զօրակցութիւն ցուցաբերենք իրենց: Պարզ հաշուով, ահագին ճիգ ու ժամանակ պիտի խնայեն տան պատասխանատուներուն եւ գործավարաներուն մեր կողմէ ինքնաբուխ նուիրատուութիւնները, որոնց շնորհիւ ընդհանուր գործն է, որ պիտի շահի, Հայաստանն ու Արցախը պիտի շահին:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ արձանագրուած երկու յաղթանակները մեր երիտասարդ գործիչներուն համար ոգեւորող իրադարձութիւններ եւ նոր գործիչներ ներգրաւելու ազդակներ եղան:

Եկէ՛ք առանց գերագնահատելու, բայց նաեւ առանց թերագնահատելու այս իրագործումները, ձեռք-ձեռքի տուած աշխատինք, աւելի մեծ մարտահրաւէրներ յաջողութեամբ պսակելու նախապայմաններ ստեղծենք, որ ցարդ անհաւանական նկատուող ձեռքբերումներ ապահովենք Ուաշինկթընի մէջ, ամերիկեան քաղաքական կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ մեր ներկայութիւնը շօշափելիօրէն ընդլայնենք:

Վարձքերնիդ կատա՛ր Հայ Դատի տղաներ ու աղջիկներ: Մենք ձեր կողքին ենք:

«Ասպարէզ»