«Երկիր».- Հայաստանի Հանրապետութեան Արդարադատութեան Նախարարութենէն յայտնած են. «ՀՀ Կառավարութիւնը եւ Արդարադատութեան Նախարարութիւնը հաւատարիմ կը մնան դատական իշխանութեան նկատմամբ վստահութեան վերականգնումին եւ դատական համակարգի առողջացումին ի նպաստ խորքային բարեփոխումներու իրականացման եւ այդ նպատակին հասնելու համար դատաւորի նկատմամբ կարգապահական վարոյթի յարուցման հիմքերու յստակացումին եւ ընդլայնումին, ինչպէս նաեւ դատաւորներու բարի վարքին եւ գոյքային դրութեան գնահատման առարկայական կառուցակարգի մշակումին:

«Այդուհանդերձ, քանի որ Եւրոպական Խորհուրդի «Ժողովրդավարութիւն` Իրաւունքի Միջոցով» եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի Յանձնաժողով) 119-րդ նստաշրջանի զեկուցումին բովանդակութիւնը մամլոյ մէջ շահարկումներու տեղիք տուած է եւ շարք մը հարցեր յառաջացուցած, կը կարծենք, որ հարցը առաւելաբար կը վերաբերի «վեթինկ» (զտում) բառի մեկնաբանութեան եւ այն եղանակներուն ու ձեւին, որոնցմով այդ մեքանիզմը կիրարկուած է զանազան երկիրներու մէջ: Ի դէպ, առնուազն տարակուսանք կը յառաջացնէ այն փաստը, թէ ինչպէ՛ս սահմանափակ հասանելիութեամբ զեկուցումը կամ անոր բովանդակութիւնը հասանելի դարձած է հարցը միակողմանիօրէն շահարկող անձերու շրջանակին:

«Արդարադատութեան Նախարարութիւնը հաստատակամ է իր մօտեցումին մէջ, ըստ որուն` դատական համակարգի բարեփոխումի առանցքին մէջ պիտի ըլլան դատաւորի գոյքի,  եկամուտներու,   ծախսերու, շահերու  յայտարարագրման կատարելագործումն ու բարեփոխումը, դատաւորներու  բարի վարքի ու գոյքային դրութեան գնահատումին առնչուող առարկայական մեքանիզմներու արդիւնաւէտ ներդրումն ու կիրարկումը: Ուստի, այս առումով որեւէ խզում չկայ նախապէս կատարուած յայտարարութիւններուն եւ Վենետիկի Յանձնաժողովի զեկուցումին միջեւ:

«Յատկանշական է նաեւ, որ Վենետիկի Յանձնաժողովի 119-րդ լիագումար նստաշրջանին (21-22 Յունիս 2019) յաջորդած է Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանի այցելութիւնը Սթրազպուրկ (1-2 Յուլիս), ուր այս գաղափարները աւելի մանրամասնօրէն ներկայացուած եւ քննարկուած են Եւրոպական Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թիորպոռն Եակլանտի, Եւրոպական Խորհուրդի Իրաւունքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարցերով ընդհանուր տնօրէն Քրիստոս Ճիաքումոպուլոսի, Վենետիկի Յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուկիկիոյի եւ Եւրոպական Խորհուրդի բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ հանդիպումներու ընթացքին:

«Հանդիպումներու ընթացքին նախարարը գործընկերներուն ներկայացուցած է նաեւ դատաիրաւական մարզին մէջ կառավարութեան մօտեցումները, կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ առաջնահերթութիւնները, լուծման հաւանական ուղիները, որոնք հաւանութեան արժանացած են բոլոր գործընկերներուն կողմէ:

«Ինչ կը վերաբերի Սահմանադրական դատարանին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին առնչուող զեկուցումին մէջ տեղ գտած անդրադարձին, կ՛ուզենք տեղեկացնել, որ գործադիր իշխանութիւնը ցարդ որեւէ պաշտօնական դիրքորոշում չէ արտայայտած:

«Յայտնենք նաեւ, որ հարցին շուրջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ օրերուն հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ»: