ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, Արցախի մասին մրցանակակիր «Վերջին Բնակիչ» ֆիլմը ցուցադրուեցաւ Պրիւքսէլի ”Cinema Galeries” սրահէն ներս Ուրբաթ, 12 Յուլիսին, բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի ներկայութեան: Ցուցադրութեան աւարտին հանդիսատեսները իրենց տպաւորութիւնները ներկայացուցին եւ հարցեր ուղղեցին բեմադրիչին:
Անդրադառնալով ֆիլմի ցուցադրութեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Արուեստը շատ կարեւոր միջոց մըն է աշխարհին ներկայացնելու Արցախի ժողովուրդին ազատութեան պայքարի պատմութիւնը, եւ այս պարագային` եւրոպական հանրութեան:
Ուրախ ենք որ կան տաղանդաւոր բեմադրիչներ, որոնցմէ է Ջիւան Աւետիսեան, որ կ’աշխատին այս նիւթին շուրջ եւ կը մասնակցին հեղինակաւոր միջազգային փառատօներու:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակ