Երկուշաբթի, 15 Յուլիսի առաւօտեան Գամիշլի ժամանեց Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր առաջնորդն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմեն Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան, Ազգային Վարչութեան, Տնտեսական եւ Ուսումնական խորհուրդներու ներկայացուցիչներն ու ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին: Սրբազան հայրն ու պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, շրջանի պատասխանատու ազգայիններուն կողմէ:
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6:00-ին, սրբազան հայրը Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ իր Անդրանիկ պատգամը ուղղեց ժողովուրդին՝ շեշտելով, որ խաղաղութիւնը, միասնականութիւնը եւ գործակցութիւնը երաշխիքներն են յաջողութեան: Ապա ըսաւ. «Երանի այն մարդուն, որ խաղաղութիւն կը սիրէ, երանի այն մարդուն, որ խաղաղութիւն կը տարածէ, երանի այն մարդուն, որ խաղաղութեան առաքեալը կը դառնայ: Քրիստոս ըսաւ՝ ես չեկայ բաժնելու, այլ եկայ ամբողջացնելու: Այս պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալի պարտականութիւնը: Քրիստոս իր աշակերտներուն համար աղօթեց, որպէսզի բոլորը մէկ բռունցք մնան, իսկ երբ աշխարհէն մեկնեցաւ, առաքեալները, որպէս մէկ բռունցք, նուիրեալ ծառայութեամբ աշխատանքի լծուեցան:
«Աղօթենք, որ Աստուած պահէ այս գաղութը իր բոլոր կառոյցներով, բոլոր մարմիններով, որոնք կ՛աշխատին տիւ ու գիշեր՝ բարձր պահելու ազգային եւ եկեղեցական արժէքները: Աղօթենք Սուրիական Հայրենիքին համար, աղօթենք այս երկրին ամբողջականութեան, վսեմաշուք նախագահին եւ յաղթական բանակին համար»:
Պատարագէն ետք, սրբազան հայրը, քահանայ հայրը, պատուիրակութեան անդամները, շրջանի Պատկան Մարմինը, դպրաց դասն ու հաւատացեալ ժողովուրդը թափօր կազմած ուղղուեցան առաջնորդարանի շրջափակ, ուր «Կիլիկիա» մաղթերգի միասնական երգեցողութեամբ ոգեւորեցին ներկայ ժողովուրդը:
Այնուհետեւ Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ սրբազան հօր աջահամբոյր, իսկ հաւատացեալ ժողովուրդը իր բարի գալուստի մաղթանքները ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր:

Բժշկհ. Մարի Մելքոն