«News.am».- 17 Յուլիսին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան հանդիպում ունեցած է աշխատանքային այցելութեամբ Ստեփանակերտ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ:

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն կը յայտնեն, որ հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են երկու հայկական պետութիւններու արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր:
Արցախի ԱԳՆ ղեկավարը յայտնած է Հայաստանի ազգային անվտանգութեան նոր ռազմավարութեան մշակման միջգերատեսչական յանձնախումբի ստեղծման կարեւորութիւնը:
Նկատի առնելով Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգային ընդհանուր միջավայրը` Մասիս Մայիլեան շեշտած է տուեալ փաստաթուղթի մշակման աշխատանքներուն մէջ Արցախէն փորձագէտներ ներգրաւելու նպատակայարմարութիւնը: