«Ազդակ».- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ալի Պեզզիի, հասաւ Ուաշինկթըն, մասնակցելու Խորհրդարանական ղեկավարութեան ֆորումին, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ ունենանլու Քոնկրեսի ղեկավարներուն եւ քոնկրեսականներուն հետ:
Ուաշինկթընի մէջ երեսփոխաններ Բագրատունի եւ Պեզզի դիմաւորուեցան Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Կապի Իսայի եւ Խորհրդարանական ղեկավարութեան ֆորումի կազմակերպիչ մարմնի մէկ պատուիրակութեան կողմէ:

Խորհրդարանական ղեկավարութեան ֆորումին շրջագիծին մէջ, երեսփոխան Բագրատունի հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանան – Հայաստան խորհրդարանական կապերու բարելաւումն ու զարգացումը: Քննարկուեցան փոխադարձ այցելութիւններու կարելիութիւնները, եւ Միրզոյեանի փոխանցուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի յատուկ յարգանքը հայ ժողովուրդին եւ անոր Դատին նկատմամբ: