«Ակօս».-Հրանդ Տին­­­քի սպա­­­­նու­­­­թեան թղթած­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­րը քննող դա­­­­տարա­­­­նը իր նա­­­­խորդ նիս­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­րուն որո­­­­շած էր ինը մե­­­­ղադ­­­­րեալ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու թղթած­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­րը ան­­­­ջա­­­­­­­­­­­­­­­տել ընդհա­­­­նուր հար­­­­ցաքննու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն, որ­­­­պէսզի կան­­­­խէ անոնց խնդիրին ժա­­­­մանա­­­­կավ­­­­րէպ դառ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­լը։ Այս զար­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­ցու­­­­մէն ետք տե­­­­ղի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած դա­­­­տական նիս­­­­տին, դա­­­­տակազ­­­­մը վճռեց Էր­­­­հան Թունճէ­­­­լի հա­­­­մար 99 տա­­­­րի 6 ամիս բան­­­­տարկու­­­­թիւն։ Թունճէլ իս­­­­կոյն ձեր­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­կալո­­­­ւեցաւ դա­­­­տարա­­­­նի դահ­­­­լի­­­­­­­­­­­­­­­ճին մէջ։
Ան վեց ան­­­­գամ ցկեանս բան­­­­տարկու­­­­թեան դա­­­­տապար­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւեցաւ 24 Հոկ­­­­տեմբեր 2004-ին վեց քա­­­­ղաքա­­­­ցինե­­­­րու վի­­­­րաւո­­­­րուե­­­­լուն պատ­­­­ճառ դար­­­­ձող Տրա­­­­պիզո­­­­նի «Մեք­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նըլտս» ճա­­­­շարա­­­­նի պայ­­­­թումին պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռաւ։ Դա­­­­տակազ­­­­մը ապա նկա­­­­տի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նալով, որ դէպ­­­­քը մնա­­­­ցած է նա­­­­խափոր­­­­ձի սահ­­­­մաննե­­­­րուն մէջ պա­­­­տիժը սահմանափակեց 6 ան­­­­գամ 13 տա­­­­րի բան­­­­տարկու­­­­թեամբ։ Իսկ նոյն մե­­­­ղադ­­­­րեալին Տին­­­­քի սպա­­­­նու­­­­թեան օժան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կելու մե­­­­ղադ­­­­րանքով ալ ճշդո­­­­ւեցաւ ցկեանս բան­­­­տարկու­­­­թիւն։ Սա­­­­կայն դա­­­­տակազ­­­­մը այս պա­­­­տիժն ալ սահմանափակեց 18 տա­­­­րիով։
Եասին Հա­­­­յալի հա­­­­մար «Զի­­­­նեալ կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պութիւն հիմ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու եւ վա­­­­րել»ու մե­­­­ղադ­­­­րանքով վճռո­­­­ւեցաւ 7 տա­­­­րի 6 ամիս բան­­­­տարկու­­­­թիւն։ Եասին Հա­­­­յալ նա­­­­խապէս ալ Հրանդ Տին­­­­քի ոճի­­­­րի հե­­­­տեւան­­­­քով ցկեանս բան­­­­տարկու­­­­թեան դա­­­­տապար­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած էր։
Օկիւն Սա­­­­մաս­­­­թի հա­­­­մար դա­­­­տարա­­­­նը վճռեց 3 տա­­­­րի 9 ամիս բան­­­­տարկու­­­­թիւն։ Սա­­­­կայն յան­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծութեան թո­­­­ւակա­­­­նին 18 տա­­­­րեկա­­­­նէ աւե­­­­լի երի­­­­տասարդ ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լը նկա­­­­տի առ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լով պա­­­­տիժը զեղ­­­­չեց 2 տա­­­­րի 6 ամի­­­­սով։ Սա­­­­մաս­­­­թի հա­­­­մար ալ նա­­­­խապէս ճշդո­­­­ւած էր 22 տա­­­­րի 8 ամիս բան­­­­տարկու­­­­թիւն։
Նոյնպէս ամ­­­­բաստա­­­­նեալ­­­­ներ Զէյ­­­­նել Ապի­­­­տին Եաւուզ՝ 12 տա­­­­րի 6 ամիս, Ահ­­­­մետ Իս­­­­քենտեր եւ Էր­­­­սին Եոլ­­­­ճու 1 տա­­­­րի 10 ամիս եւ Թունճայ Ու­­­­զունտալ ալ 15 տա­­­­րի ազա­­­­տազրկման դատապարտո­­­­ւեցան։ Դա­­­­տակազ­­­­մը ան­­­­պարտ հռչա­­­­կեց ամ­­­­բաստա­­­­նեալ­­­­ներ Սա­­­­լիհ Հա­­­­ճըսա­­­­լիհօղ­­­­լու եւ Օս­­­­ման Հա­­­­յալը։
Երբ բան­­­­տարկու­­­­թեան պա­­­­տիժ­­­­ներ վճռո­­­­ւած ամ­­­­բաստա­­­­նեալ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կը փոր­­­­ձէին իրենց ան­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­ղու­­­­թիւնը բա­­­­ցատ­­­­րել, Տին­­­­քի ըն­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նիքի իրա­­­­ւապաշտպան Հա­­­­քան Պա­­­­քըր­­­­ճըօղ­­­­լուն ալ յատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­պէս ծան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­նալով Էր­­­­հան Թունճէ­­­­լիի օրի­­­­նակին վրայ՝ պնդեց որ ան դէպ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րու պա­­­­րագ­­­­լուխնե­­­­րէն է եւ ինք կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պած է ոճի­­­­րը։ Հե­­­­տեւա­­­­բար պէտք է դա­­­­տարանը ալ այդ հի­­­­ման վրայ վճիռ կա­­­­յաց­­­­նէր։
Նոյն ոճի­­­­րի այլ մե­­­­ղադ­­­­րեալ­­­­ներ, որոնց բո­­­­լորն ալ պե­­­տական պաշ­­­տօ­­­­­­­նեաներ են կը դա­­­տուին առանձնա­­պէս։

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ