Երկուշաբթի, 15 Յուլիս 2019-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Իրանի Խորհրդարանի նախագահի միջազգային հարցերու օգնական Հուսէյն Էմիր Ապտուլլահեանը: Հանդիպումին ընթացքին Ասատ շեշտեց Սուրիոյ Իրանին ցուցաբերած աջակցութիւնը՝ ԱՄՆ-ի որդեգրած ապօրինի որոշումներուն եւ սպառնալիքներուն դէմ:
Սուրիական նախագահական կայքէն կ’իմանանք, որ Ապտուլլահեան ամբողջական զեկոյցով նախագահ Ասատը տեղեակ պահեց Իրանի միջուկային թղթածրարին, ինչպէս նաեւ քաղաքական վերջին զարգացումներուն մասին: Կողմերը խորհրդակցեցան նաեւ Սուրիոյ պատերազմին առնչուող զարգացումներուն եւ տարածաշրջանի ապահովական իրավիճակին շուրջ:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ ալ Մուալլէմ եւս հանդիպում ունեցաւ Ապտուլլահեանի հետ: Անոնք խորհրդակցեցան տարածաշրջանի զարգացումներուն եւ երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան ու ծրագրերու համակարգումի անհրաժեշտութեան շուրջ:
Յիշենք, որ 2019-ի սկիզբէն, Դամասկոս այցելեցին իրանցի քաղաքական գործիչներ եւ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուեցան զանազան համաձայնագրեր, որոնց նպատակն էր զարգացնել Սուրիոյ եւ Իրանի տընտեսական գործակցութիւնը: