Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի պետական պաշտօնէութեան դասէն ընտրուողներու ցուցակէն ներկայացուցիչի մը մահուան պատճառով, համաձայն Նահանգային Խորհուրդի կանոնագրութեան, թափուր մնացած աթոռը զբաղեցուց վերջին ընտրուողին յաջորդող բարձրագոյն ձայնը ապահովածը, որ այս պարագային Բերիոյ Հայոց Թեմի թեկնածուներէն՝ Անի Պզտիկեանն էր։