Սուրիական «Թշրին» թերթը կը յայտնէ, որ ուսումնասիրութիւն մը տեղի կ’ունենայ Հալէպի մէջ ոսկեղէնի յատուկ շուկայ մը յառաջացնելու համար: Ծրագիրին համաձայն, տարածքը պիտի ընդգրկէ 250 խանութ, ինչ որ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ քաղաքին բարգաւաճման վրայ: Թերթը վկայակոչելով Հալէպ նահանգի խորհուրդի գործադիր գրասենեակի անդամ Քումէյթ Ասի ալ Շէյխին խօսքը յայտնեց. «Նպատակը Հալէպի մէջ ոսկիի յատուկ շուկաներ հաստատելն է՝ փոքրացուած քաղաքի մը ձեւաչափով, ուր տեղի պիտի ունենայ ոսկիի առ ու ծախն ու ցուցադրութիւնը: