Երեքշաբթի, 19 Յուլիսի առաւօտեան Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Գերշ.Տ.Մասիս Ս.Եպս.Զօպուեան եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը Գամիշլիի ազգայիններուն եւ Արժ.Տ.Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի հետ միասին մեկնեցան Հասիչէ, ուր իրենց ընդունելութեան եկած էին ներկայ Հասիչէի ազգայիններն ու կրթական պատասխանատուները։

Ապա ներկաները միասնաբար ուղղուեցան նահանգապետարան,

ջերմօրէն դիմաւորուեցան նահանգապետին, Պաաս  կուսակցութեան շրջանի քարտուղարին,  կրթական եւ կրօնական բարձրաստիճան  պատասխանատուներու կողմէ։

Կողմերը խօսեցան  Սուչիոյ ժողովուրդի միասնութեան երկրի դրօշին, սուրիական բանակին շուրջ համախմբման եւ շեշտեցին  համագործակցութեան կարեւորութիւնը, յանուն երկրի խաղաղութեան վերականգնումին

Ապա սրբազան հայրը եւ պատուիրակութիւնը ազգային վարժարանի սրահէն ներս հանդիպում մը ունեցան Հասիչէի ազգային կրթական  պատասխանատուներուն հետ, մօտէն ծանօթանալու Հասիչէի Հայ գաղութի իրավիճակին։