Հալէպահայ Կարին Պէրպէրեան Սուրիոյ մակարդակով ճատրակի «Ռուատ»ի մրցաշարքերուն 4-րդ դիրքը նուաճեց։
Յիշենք, որ Կարին Պէրպէրեան նախ Հալէպի մէջ Ազգ. Միացեալ նախակրթարանին կողմէ մասնակցութիւն բերած էր 12 տարեկաններու խմբաւորման ճատրակի «Ռուատ» մրցաշարքին եւ նահանգին մակարդակով առաջին դիրքը գրաւելէ ետք, 10 Յուլիս 2019-ին մեկնած էր Թարթուս, ներկայացնելու Հալէպը։ Այնտեղ էր որ ան նուաճեց Սուրիոյ մակարդակով 4֊րդ դիրքը։
Կարին Պէրպէրեան 2016֊ին ճատրակի իր առաջին քայլերը սկսած էր ՀՄԸՄ֊ի ճատրակի դասընթացքներուն մասնակցելով։

Ժիրայր Կարապետեան