ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 18 Յուլիսին հիւրընկալած է յատուկ այցելութեամբ Հայաստան գտնուող` Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեանը:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ նախագահը ողջունած է Պերեճիքլեանի այցելութիւնը հայրենիք եւ բարձր գնահատած անոր գործունէութիւնը յանուն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին:
Նոր Հարաւային Ուէյլզի խորհրդարանը 1997 թուականին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ ընդունած է:
Կլատիս Պերեճիքլեան ըսած է, թէ ըլլալով Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածի թոռնուհի եւ այցելելով Հայաստան` հպարտ է իր հայկական ծագումով եւ արմատներով: Ան յոյս յայտնած է, որ իւրաքանչիւր յաջորդ այցելութեան Հայաստանը տեսնէ աւելի զարգացած:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ մեծագոյն նահանգի` Նոր Հարաւային Ուէյլզի միջեւ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներու շուրջ, խօսած են նաեւ աւստրալահայ համայնքի եւ անոր ունեցած դերակատարութեան մասին:


ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀԵՏ


18 Յուլիսին Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալած է Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Կլատիս Պէրէճիլեանը:
«Ուրախ եւ հպարտ ենք Աւստրալիոյ մէջ Ձեր գործունէութեամբ: Այսօր Դուք աշխարհի ամենաազդեցիկ դեր ունեցող հայ կիներէն մէկն էք եւ հաճելի է, որ հանդիպման այս կարելիութիւնը ստեղծուեցաւ», նշած է Նիկոլ Փաշինեան:
ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցին, որ ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը յոյս յայտնած է, որ Կլատիս Պէրէճիքլեանի գործունէութեան բերումով Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ յարաբերութիւնները աւելի կը զարգանան ու փոխադարձ հետաքրքրութիւնները կ’ընդլայնուին:
Կլատիս Պէրէճիքլեան վարչապետը շնորհաւորած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող դրական զարգացումներուն համար եւ նշած է, որ հայրենիքի իրադարձութիւններուն ուշադրութեամբ կը հետեւին նաեւ Աւստրալիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչները: Ան դիտել տուած է, որ ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, այս անգամ հանրութեան մէջ նկատած է մեծ ոգեւորութիւն եւ հաւատք ապագայի նկատմամբ:
Կլատիս Պէրէճիքլեան ներկայացուցած է իր գործունէութիւնը Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգին մէջ եւ պատմած Աւստրալիոյ հայ համայնքին մասին:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ միջեւ համագործակցութեան զարգացման, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, ՀՀ կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն մասին: