Ուրբաթ, 12 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակը գեղեցիկ տեսք մը ունէր… Բեմը յարդարուած էր նըրբաճաշակ պաստառներով ու ծաղիկներով, բակը մաքուր, փայլփլուն ու հարիւրաւոր աթոռներով պատրաստ հիւրընկալելու ծնողներն ու պաշտօնական հիւրերը: Խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը եռուզեռի մը մէջ ամէն բան կատարեալ հրամցնելու ճիգի մը մէջ էին: Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի միջնակարգի 2018-2019-ի ուսումնական տարեշրջանի շրջանաւարտ հունձքին աւարտական հանդէսն էր, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Խնամակալութեան եւ Տնօրէնութեան։
59 խոստմնալից շրջանաւարտներ բեմ բարձրացան յայտարարելու իրենց ուսումնական կեանքի միջնակարգ փուլին աւարտը։
Գեղարուեստական յայտագիրով անոնք ներկաներուն հրամցուցին հայ մշակոյթէն խմբերգի, մեներգի, պարի եւ ասմունքի գոհարներ, վերյիշելով անմահն Կոմիտասի 150-ամեայ յոբելեանը։ Հանդէս եկաւ աշակերտական երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Ռուզան Պարսումեանի, իսկ հայերէն քերթուածներով եւ մէջբերուած խօսքերով, միջնակարգի շրջանաւարտները ներկայացուցին օրուան խորհուրդն ու հայ լեզուին եւ հայկական վարժարանին դերը պարզաբանող ընտիր կտորներ:
Հայերէն բացման Խօսքով Սելա Պազարպաշեան ըսաւ. «Միջնակարգի եռամեայ մեր աշխատանքը հասած է իր աւարտին: Այդ աշխատանքին պտուղներէն պատառիկներ պիտի համտեսենք այսօր, միասնաբար, գեղարուեստական համեստ յայտագիրով մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու Ճեմարանին, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն»:
Արաբերէն բացման խօսքով Աննա Չալաքեան ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց բեմին վրայ պարզուած գեղեցիկ այն պատկերին՝ միջնակարգի մեր դասընկերներու գունագեղ փունջին, որ ուրախութիւն կը սփռէ իր չորսդին, հպարտութիւն կը ներշնչէ ծնողներուն, վարժարանիս տնօրէնութեան, Խնամակալութեան, ուսուցչական ու վարչական կազմերուն: Ան իր սերունդին անունով խոստացաւ ջանասիրութեամբ շարունակել ուսման դժուար, բայց արդիւնաւէտ ճամբան:
 Արաբերէն ուղերձը արտասանեց Աբրահամ Աւընեան եւ ըսաւ. «Ճեմարանը սերունդ մը եւս հասցուց միջնակարգի աւարտին, անոր մէջ կրթադաստիարակչական առողջ հիմք մը ամրապնդելով: Մեր սիրելի վարժարանի յարկին տակ մեծաթիւ սերունդներ հասակ առին ու կերտուեցան՝ դառնալով գիտնականներ, կրթական մշակներ, մտաւորականներ, ճարտարապետներ ու բժիշկներ, բարձր պահելով Ճեմարանի անունը ամէն տեղ ու ամէն միջավայրի մէջ»:
Հայերէն ուղերձը արտասանեց Քարէն Գատէհճեան, որ մտածումի թռիչքով ժամանակի մէջ ետ գնաց ու ներկայացուց այն մանուկը, որ հասած էր մանկապարտէզ, կը խօսէր, բայց՝ կակազելով, անհանդարտ էր, բայց՝ զգայուն: Ետքը տարիներու շունչ ու աշխատանք եւ ահա՛ ան համարձակօրէն կը սկսէր խօսիլ իր մայրենիով, ապա կը հասնէր նախակրթարան ու Ճեմարան, որպէս գիտակից հայ պատանի: Իսկ Ճեմարանի դերին անդրադառնալով Քարէն ըսաւ.«Ճեմարանը մեր դիմաց կը բանայ հայոց լեզուի հրաշագեղ գաղտնիքները, մեզ մայրենի գրականութեան անդաստաններուն մէջ կը պտտցնէ, իրարայաջորդ սերունդները հայրենի հողի յիշատակով կ’արբեցնէ եւ հայ մշակոյթի քաղցր մեղեդիներով ու Տիգրան Մեծի սուրով կը գօտեպնդէ»:
Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան ներկայացուց 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի տեղեկագիրը, ապա թուեց բոլոր այն արտադպրոցական ձեռնարկներն ու ծրագրերը, որոնց մասնակցութիւն բերաւ Ճեմարանի աշակերտութիւնը՝ միջդպրոցական եւ պետական մակարդակներով, միշտ առաջնակարգ դիրքերու արժանանալով: Քիլէճեան ըսաւ. «Ճեմարանը լոկ կրթական կառոյց մը չէ, այլ ոգեղէն ամրոց է, հալէպահայութեան բաբախող սիրտն է, մարդակերտման ու հայակերտման հնոց է, ուր սերունդներ կը թրծուին մաշտոցեան ոգիով ու ազգային դաստիարակութեամբ»:
Ճեմարանի գործադիր տնօրէն Վահէ Ղազարեան անդրադարձաւ Ճեմարանի առաքելութեան, գիտական եւ կրթական ոլորտներէն ներս տարուած աշխատանքներուն։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց գեղարուեստական յայտագիրը պատրաստած ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն՝ Յուշիկ Ղազարեանին, Արա Մութաֆեանին, ինչպէս նաեւ պարուսոյց Սուրէն Քիրազեանին, այնուհետեւ խնամակալութեան, սրբազան հօր, ծնողներուն եւ բարերարներուն։
Ճեմարանի պետական տնօրէն Այշա Քապալան վեր առաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի դերը առողջ սերունդներ պատրաստելու առումով, յատկապէս պատերազմի տարիներուն։ Ան որպէս պետական տնօրէն վկայեց, որ Ճեմարանի ջամբած կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը եզակի դրոշմով կ’օժտեն աշակերտները:
Այնուհետեւ Ճեմարանի բեմը յարդարեցին շրջանաւարտ 59 աշակերտներ, իրենց պայծառ ներկայութեամբ։
Տեղի ունեցան առաջնակարգ եւ հայերէն լեզուի ու գրականութեան նիւթին մէջ բարձրագոյն գնահատանիշեր ապահոված աշակերտներու պարգեւատրումները, ապա նաեւ վկայականաց բաշխումը։
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը մետալներով պարգեւատրեց միջնակարգի երեք կարգերու առաջնակարգ աշակերտները: Շրջանաւարտից Միութեան Վարչութեան անդամ Գէորգ Շահինեանի եւ Ճեմարանի գործադիր տնօրէնին ձեռամբ պարգեւատրուեցան հետեւեալները.
7-րդ կարգ
-Առաջին՝ Արէն Խրոյեան
-Երկրորդ՝ Աննա Պետրոսեան
-Երրորդ՝ Մարի Ռոզ Քէօշկէրեան
8-րդ կարգ
-Առաջին՝ Աննա Սաղպազարեան
-Երկրորդ՝ Սէրլի Պետրոսեան
-Երրորդ՝ Արեգ Արոյեան
Աշխատանքի աւարտի ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը իւրայատուկ հրճուանքով եւ լաւատեսութեամբ պարուրած էր շրջանաւարտներուն հոգիները։
Աւարտին, նախքան սրբազան հօր պատգամը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան Հոգշ. Տէր Զաւէն Աբեղայ Նաճարեան դպրեվանքի մասին խօսելէ ետք կոչ ուղղեց դպրեվանքին վստահիլ հալէպահայ այն պատանիները, որոնք հոգեմտաւոր կրթութիւն ստանալու փափաք ունին։
Հուսկ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր պատգամով ոգեւորեց եւ շնորհաւորեց ծնողներն ու շրջանաւարտները՝ յորդորելով ձգտիլ բարձրագոյն ուսման, բարձր պահելով Ճեմարանին անունը։
Հանդէսը փակուեցաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի քայլերգով եւ շնորհաւորական ջերմ մաղթանքներով:
Անի Պօղիկեան