Շաբաթ, 13 Յուլիս 2019-ին տեղի ունեցաւ ԱՔԵ Ճեմարանի 2018-2019 տարեշրջանի 12-րդ կարգի ամավերջի հանդէսը: Այս սերունդը կոչուեցաւ մեծատաղանդ Կոմիտաս վարդապետի անունով: Շրջանաւարտները ուխտեցին ըլլալ Կոմիտաս Վարդապետի ժառանգութեան պահապան երդուեալ զինուորներ:

Հանդէսի բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութիւններու զոյգ քայլերգներով: Հայերէն բացման խօսք արտասանեց շրջանաւարտ Մարալ Ղազարեան յայտնելով, որ ճեմարանի ազգայնաշունչ յարկին տակ սերունդները կը սորվին հայերէն խօսիլ, հայօրէն մտածել, հայերէն արտայայտուիլ:

Արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նանար Արթինեան, շեշտելով որ շրջանաւարտները պիտի քաղեն յաջողութեան պտուղները եւ կարեւոր քայլ պիտի առնեն դէպի լուսաւոր ապագայ: Ապա շրջանաւարտ Աւետիս Պօղոսեան ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետն ու նորահաս սերունդի պարտաւորութիւնները այդ մեծ տաղանդին ժառանգութեան նկատմամբ: Այնուհետեւ շրջանաւարտներու երգչախումբը հանդիսատեսին մատուցեց Կոմիտասեան երգերէն «Երեւան Բաղ Եմ Առել», «Առնեմ Երթամ Իմ Եարը», «Հոյ Նազան Իմ Եարը», «Էսօր Ուրբաթ է», «Հաբրբան», «Հոռոմ- Հոռոմ» եւ արաբերէն հայրենասիրական «Նահնու Նսուր» երգը: Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ խումբ մը շրջանաւարտներու Եղիշէ Չարենցի Կոմիտասին նուիրուած ձօնին ասմունքով: Շրջանաւարտներ Յովիկ Պարսումեան եւ Կասիա Պաղտիկեան երեկոն գեղեցկացուցին Կոմիտասեան հորովելին հմայիչ երգեցողութեամբ, որմէ ետք այլ շրջանաւարտներ ասմունքեցին Կոստան Զարեանի Կոմիտաս վարդապետին աճիւնները Հայաստան փոխադրուելուն նուիրուած բանաստեղծութիւնը:

Հանդիսատեսին հրամցուեցաւ նաեւ արաբերէն ասմունք՝ «Գիտութեան Ուժը» վերնագիրով: Կոմիտասի «Հով Առէք»ով երեկոյին հայկական թարմ շունչ հաղորդեց շրջանաւարտ Մարիա Չիչեան: Հայերէն ուղերձով հանդէս եկաւ շրջանաւարտ Կիթառ Աւընեան՝ խոստանալով, որ ուր ալ գտնուինք ճեմարանը մեր հոգիին մէջ պիտի ապրի, ուր ալ գտնուինք միշտ պիտի շարժինք եւ գործենք ճեմարանի դաստիարակութեան թելադրանքով: Արաբերէն ուղերձ արտասանեց շրջանաւարտ Մէյրի Տրմաշ՝ դիտել տալով որ ճեմարանականներ բոլոր ծիրերուն մէջ կը յատկանշուին իրենց դաստիարակութեամբ եւ նկարագրային իւրայատկութեամբ:

Այնուհետեւ վարժարանիս պետական տնօրէնուհի Այշա Քապալան իր սրտի խօսքը արտասանելով ըսաւ, որ ԱՔԵ ճեմարանը Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ տարիներու ընթացքին եղած է ու պիտի ըլլայ մարդակերտման դարբնոց, ուրկէ իւրաքանչիւր տարի շրջանաւարտ եղած են զարգացած, բարեկիրթ աշակերտներ ան աւարտելով իր խօսքը աւելցուց, որ այս տարի լրացած է իր պաշտօնավարման շրջանը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, դիտել տալով, որ ճեմարանը իրեն համար եղած է ընտանեկան բոյն: Անկէ ետք խօսք առաւ վարժարանիս տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան, որ կարեւորեց ճեմարանի դերը սփիւռքահայ կեանքին մէջ, ապա ներկայացուց այս տարեշրջանի ամփոփ տեղեկագիրը, յայտնելով նաեւ, որ

-Ճեմարանը եօթերորդ անգամ ըլլալով մասնակցեցաւ Սուրիոյ պետական ողիմպիականին ու նուաճեց պատուաբեր արդիւնքներ:

-Ճեմարանը մասնակցեցաւ Կրթութեան Նախարարութեան կազմակերպած լեզուներու եւ արուեստի փառատօնին, ֆրանսերէն եւ անգլերէն երգերով եւ ֆրանսերէն թատերախաղով, եւ հասաւ եզրափակիչ փուլ, որ տեղի պիտի ունենայ Դամասկոսի մէջ 30 Յուլիսին:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդէսի կազմակերպիչներուն, մասնաւորաբար հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Մարիա Գաբրիէլեանին, արաբերէնի ուսուցիչ Արա Մութաֆեանին եւ երգչախումբի ղեկավար, Ճեմարանի երաժշտութեան ուսուցիչ Ռուզան Պարսումեանին, Բերիոյ Թեմի «Դպրոց» հիմնադրամին, ԱՔԵ ճեմարանի Քալիֆորնիոյ Ընկերակցութեան, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան, Բերիոյ Թեմի Նպաստից Յանձնախումբին, Էօժենի Պետրոսեան պարգեւին եւ անհատ բարերարներուն, որոնք բարոյապէս եւ նիւթապէս զօրավիգ կանգնեցան ճեմարանին:

Ճեմարանի գործադիր տնօրէն Վահէ Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի նուիրատուներուն, մանաւանդ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, որ այս տարուան հայերէն լեզուի առաջնակարգ ուսանողներուն նուիրեց Արամ Մանուկեանի յիշատակին նուիրուած «Արամ» գիրքը, «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրութեան եւ վարչութեան, Հայերէն լեզուի եւ գրականութեան առաջնակարգ շրջանաւարտներուն «Գանձասար» Բացառիկէն օրինակներ նուիրելուն համար, ապա նաեւ Սիրանոյշ Հալլաճեանին, որ նիւթական պարգեւ յատկացուց այս տարուան առաջնակարգ աշակերտներուն, Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան եւ Կիրակոս Գույումճեանին, որ հաստատած է «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը, զոր պիտի ստանան Հալէպի մակարդակով բոլոր հայկական երկրորդական վարժարաններու բարձրագոյն երեք նիշերը ապահոված (լրացուցիչ վերաքննութիւններէն ետք) աշակերտները: Տնօրէնը յայտնեց նաեւ, թէ այս առիթով տիար Մաթիկ Էպլիղաթեան հայերէն լեզուի եւ գրականութեան նիւթին բարձրագոյն նիշ ապահոված իւրաքանչիւր շրջանաւարտի նուիրած է «Կիլիկիա» հրատարակչատան ընտիր գիրքերէն 30 օրինակ։

Ապա տեղի ունեցաւ առաջնակարգ աշակերտներու պարգեւատրումը Շրջանաւարտից Միութեան կողմէ՝ ձեռամբ տնօրէնին եւ Շրջ. Միութեան Վարչութեան անդամ Մայտա Աւագեանի, հետեւեալ ձեւով՝

10-րդ կարգ

-Երրորդ Արփի Գէորգեան

-Երկրորդ Մելինա Սագայեան

-Առաջին Վանայ Արուշեան, Մեղրիկ Ստեփան

11-րդ կարգ, գիտական

-Երրորդ Էսպերանզա Պետրոս

-Երկրորդ Սեսիլ Պազարպաշեան

-Առաջին Սիրվարդ Յովակիմեան

11-րդ կարգ, գրական

-Երրորդ Մարալ Ղազէլեան

-Երկրորդ Աննա Եղիայեան

-Առաջին Աննա Մարիա Պիւտիւզեան

2017-2018 տարեշրջանի 12-րդ կարգ, գիտական

-Երրորդ Արամ Լէպլէպճեան

-Երկրորդ Սարգիս Պալապանեան

-Առաջին Մարիանա Տէրվիշեան

2017-2018 տարեշրջանի 12-րդ կարգ, գրական

-Երրորդ Վեհան Պարսումեան

-Երկրորդ Յարութ Աւագեան

-Առաջին Ռաֆֆի Գալայճեան

Էօժենի Պետրոսեան պարգեւին արժանացան՝

-Կիթառ Աւընեան

-Մէյրի Տրմաշ

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան արտասանելու իր սրտի խօսքը: Ան վեր առաւ սուրիահայ գաղութին դիմադրողական ոգին, յատկապէս ԱՔԵ ճեմարանի դերը մարդակերտումի եւ հայակերտումի մէջ, որ շարունակուեցաւ նոյնիսկ պատերազմի դժուար տարիներուն. վկան այս սերունդն է որ պատուաբեր արդիւնքներ ապահովեց պետական քննութիւններուն:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականաց եւ բարձրագոյն միջին ապահովող շրջանաւարտներու գովասանագրերու բաշխում, որմէ ետք հանդէսը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով եւ սբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:

Վեհան Պարսումեան