Աւարտական դասարաններու հանդէսները նաեւ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան իւրայատուկ ու լրացուցիչ դասեր են, որոնց կը մասնակցին հայկական դպրոցի մը բոլոր բաղկացուցիչ տարրերը՝ աշակերտ, ծնողք, ուսուցիչ, տնօրէնութիւն եւ պատասխանատու մարմին:

7 Յուլիսին, «Գ. Նազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸ Միութեան ԼՆ-ԳԿ Կեդրոնական վարժարանի 2018-2019 տարեշրջանի միջնակարգի աւարտական դասարանի՝ պրովէի, վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը, «Վերնատուն» խորագիրով: Հանդէսը նուիրուած էր Հայ ժողովուրդի երկու հանճարեղ զաւակներուն՝ Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի:

30 հայ պարման-պարմանուհիներ հայերէն լեզուի իրենց սիրուած ուսուցչուհի Տիկին Անի Յովակիմեան-Էօրտէքեանի գլխաւորութեամբ եւ երաժիշտ տիկին Մարգարիտ Խաչատուրեան-Պանտաքի, տեսուչներ Թալին Սիւլահեանի, Սիւզի Քէշիշեանի, Սագօ Աւագեանի եւ Մանուէլ Քէշիշեանի սիրայօժար օգնութեամբ ներկաներուն հրամցուցին ոգեշունչ գեղեցիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, քաղուած Թումանեանի եւ Կոմիտասի գործերէն: Ներկաները հետաքրքրութեամբ եւ հաճոյքով հետեւեցան մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւած այս յայտագիրին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հանդիսութեան երկրորդ՝ պաշտօնական բաժինը, որուն ընթացքին Միջնակարգի աւարտական դասարանի աշակերտները ստացան իրենց վկայականները, պարգեւատրուեցան 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններուն հայերէնի մէջ բարձր միջին ունեցող ինն աշակերտներ, պարգեւատրուեցան նաեւ 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանի պետական քննութիւններուն բարձրագոյն գնահատանիշեր ապահոված երեք աշակերտներ:

Հուսկ բանքը արտասանեց վարժարանի տնօրէնուհի օրիորդ Գայիանէ Թիւմպալեան, որ աշակերտներուն յորդորեց ըլլալ արժանի զաւակները իրենց ծնողներուն ու այս վկայականը աւարտ չսեպել, այլ՝ սկիզբ:

14 Յուլիսին նոյն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանիս երկրորդականի շրջանաւարտից վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը, նուիրուած մեր դպրոցի հիմնադրութեան 65-ամեակին: Հանդիսութեան ընթացքին  58-րդ հունձքն էր, որ կը քաղուէր արժանի հպարտութեամբ:

Օրիորդ Թամար Խապայեան եւ պարոն Մարտիկ Տոլմաճեան պատրաստած էին յատուկ գրքոյկ մը, որուն մէջ 25 շրջանաւարտներ արձանագրած էին դպրոցին եւ ՀԲԸ Միութեան հանդէպ երախտագիտական ջերմ խօսքեր:

Շրջանաւարտները՝ ներկայացուցին պարով, երգով, ասմունքով, նուագով եւ թատերական պատկերով  գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն պատրաստութեան սատարած էին վարժարանիս տեսուչներն ու տիկին  Մարգարիտ Պանտաքը:

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինին մէջ շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները, այս անգամ պարգեւատրուեցան երկրորդական բաժինի մէջ հայերէնի բարձրագոյն միջիններ ապահոված աշակերտներն ու շրջանաւարտները, ինչպէս նաեւ 2017-2018 տարեշրջանի պետական պաքալորիայի քննութիւններուն 97%  եւ աւելի միջին ապահոված շրջանաւարտները:

Հուսկ բանքը արտասանեց տնօրէնուհին, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ՀԲԸ Միութեան Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովին եւ Կրթական Յանձնախումբին, խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն յորդորեց միշտ տէր կանգնիլ մայրենի լեզուին, դառնալ ինքնուրոյն անհատներ եւ միշտ ձգտիլ լաւագոյնին: Ան խնդրեց նաեւ միշտ յիշել իրենց սիրելի վարժարանը՝ ԼՆ-ԳԿ Կեդրոնականը, որ ուսման ու լոյսի փարոս մըն է, հայակերտման անփոխարինելի դարբնոց մը:

Յիշենք, որ երկու հանդիսութիւններու գեղարուեստական յայտագրերը պատրաստուեցան վարժարանիս տնօրէնուհիին անմիջական հսկողութեամբ:

Պաքալորիայի հանդէսէն ետք միութեանս կեդրոնի ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ խրախճանք, ներկայութեամբ շրջանաւարտներու ծնողներուն:

Այս տարուան շրջանաւարտները հպարտ են իրենց վարժարանով: Վստահ ենք, վարժարանն ալ իրենցմով հպարտ պիտի ըլլայ, ինչպէս եղաւ նախորդ 57 հունձքերու շրջանաւարտներով:

                                                                                                   Թղթակից