Ասիկա 2-րդ պտոյտս էր դէպի Լաթաքիա եւ Քեսապ, այս անգամ ընկերակցութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մասիս Սրբազան Եպիսկոպոս Զօպուեանի:

Երկուշաբթի, 8 Յուլիսին, միջօրէի ժամը 12:00-ին, ուղղուեցանք Քեսապ՝ այցելելու Քուէյթէն նոր եկած ազգային գործիչ, ճարտարապետ Մունիր Դարբինեանին, որ ազգային իր երկարամեայ ծառայութիւններուն շնորհիւ սերտ յարաբերութիւն ունէր սրբազան հօր հետ: Ինծի համար ալ թէ՛ ազգական, թէ՛ բարեկամ անձնաւորութիւն մըն է ան:

Այս այցելութիւնը ինծի առիթ պիտի տար քննարկելու մեր Եագուպիէի եւ անոր սրբավայրերուն անորոշ ապագան, այն համոզումով, որ օր մը անպայման մեր սիրելի գիւղաքաղաքը պիտի ազատագրուի եւ պիտի վերադառնայ Սուրիոյ հարազատ գիրկը: Այս յոյսը մեզ ներշնչեց սիրելի սրբազան հայրը՝ մեր առաջին հանդիպումին ընթացքին, երբ սրբազանը ընդունած էր Եագուպիէի Հայրենակցական Միութեան վարչական կազմը, որ Ուրբաթ,  4  Յուլիսին բարի գալուստի այցելութիւն մը տուած էր Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդին:

Այո՛, ծովեզերեայ այս այցելութիւնը ինծի համար յարմար առիթ էր Եագուպիէի նիւթը արծարծելու երկու անձնաւորութիւններու հետ: Առաջինը՝ երիտասարդ, գիտակից ու նուիրեալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրն էր, երկրորդը՝ երկար տարիներու փորձառութեան տէր ազգային մը:

Թէպէտեւ սրբազան հօր այցելութիւնը ունէր անձնական բնոյթ, սակայն ան կ’ուզէր անպայման օգտուիլ առիթէն ու իր հանգիստի ժամերու հաշւոյն հանդիպումներ ունենալ տեղւոյն թաղական խորհուրդներուն եւ հոգեւոր հովիւներուն հետ: Այսպէս եղաւ Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ:

Երեկոյեան ընթրիքի ընթացքին մեր խօսակցութեան ամբողջ նիւթը Եագուպիէն էր, Եագուպիէի հայկական գաղութը, պատմական մեր գաղութը:

Առաւօտեան կանուխ արթնցայ: Ժամը 9:30-ին պիտի ուղղուէինք Մունիրի քրոջ տունը՝ նախաճաշի: Ժամը ութին արդէն պանդոկի սրահն էի: Պանդոկին տէրը գաւաթ մը սուրճ հրամցուց ինծի: Խօսակցութեան ընթացքին իրեն ըսի, որ պռաւօ քեսապցիներուն, որոնք դիմադրեցին ու պաշտպանեցին Քեսապը: Շատ զարմացայ երբ պատասխանեց.

-Ո՛չ, մենք չդիմադրեցինք,- ու ժպիտով շարունակեց.- մենք գտնուեցանք տեղ մը, ուր բոլորը կը պարէին, իսկ մենք պարել չէինք գիտեր:

-Ի՞նչ կայ որ, պարել կը սորվինք եւ մենք ալ կը պարենք,- ըսի:

-Ո՛չ, մենք չենք կրնար սորվիլ, որովհետեւ քիչ ենք,- ըսաւ:

Ես ըմբռնեցի իր ըսել ուզածը եւ նիւթը փոխելով ըսի, որ Քեսապը գեղեցիկ վայր մըն է:

Խօսակիցս ժպիտով պատասխանեց.

-Երբ Աստուած իւրաքանչիւր ազգի հող տուաւ, հայը հոն չէր: Իսկ յետոյ երբ իր իրաւունքը պահանջեց, Աստուած հարցուց.

– Ո՞վ ես դուն:

Աստուած փոշոտ տետրակը բացաւ, հողամաս մը ընտրեց, սահմանները գծեց եւ ըսաւ.

– Այս է ձեր հողը: Աշխատեցէ՛ք անոր տէր դառնալ եւ պահել զայն:

Այս փորձառու մարդուն դատողութիւնները հրապուրեցին զիս. մեծ սիրով կը շարունակէի լսել զինք, սակայն ստիպուած էի հրաժեշտ տալ, որովհետեւ սրբազան հայրը արդէն իջած էր եւ ժամն էր նախաճաշի մեկնելու:

Նախաճաշէն ետք, ժամը 11:00-ին, մեր բարեկամին եւ իր եղբօր՝ ճարտարապետ Սեդրակին ընկերակցութեամբ գացինք Լաթաքիոյ ճաշարաններէն մին, ճաշի հաճելի պահ մը ունենալու Լաթաքիոյ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ տիար Աւետիս Կարպուշեանի հետ: Հոս առիթ ունեցանք խօսելու Լաթաքիոյ մէջ հաստատուած Եագուպիէի հայ աշակերտութեան վիճակին եւ անոնց օգտակար դառնալու կարելիութիւններուն մասին: Հոս եւս ի յայտ եկաւ սրբազան հօր բարութիւնն ու լրջամտութիւնը: Պարոն Կարպուշեան վստահեցուց մեզի, որ եագուպիէցի որեւէ հայ աշակերտ դուրս պիտի չմնայ հայ դպրոցէն:

Այսպիսով վերջ գտաւ մեր շրջապտոյտը, որ լի էր հաճելի եւ ուրախ անակնկալներով:

 

Աբրահամ Երէցեան