Հայր Աստուածը

Ուշ կամ կանուխ մարդ արարածը պիտի նայէր երկինքի աստղերուն, զմայլէր անոնց կարգ ու կանոնով եւ մտածէր տիեզերական այն ուժին մասին, որ ստեղծած է այսքան հրաշալի համակարգ մը։ Ըստ հնագիտական նորագոյն գիւտերուն, հնդեւրոպական ցեղին բնօրրանը, որ իր տարածքին մէջ կ՚ընդգրկէ հայկական բարձրաւանդակը, եղած է հնագոյն վայրերէն, ուր մարդ արարածը առաջին անգամ հանդիպած է Հայր Աստուծոյ հետ։ Առասպելաբաններ, ուսումնասիրելով զանազան հնդեւրոպական ժողովուրդներու առասպելներն ու հաւատալիքները, հնդկականէն մինչեւ նորտիք դիցարաններուն գրեթէ բոլորին մէջ անխտիր, գտած են երկինքի հետ կապուած հզօր աստուածութիւններ, որոնք իրենց մէջ կ՚ամփոփէին առնականութեան ու հայրութեան բոլոր յատկանիշները։ Նախատիպը կոչուած է Dyeus Pater։ Pater հնդեւրոպական լեզուներու մէջ կրկնուած «հայր» բառին արմատն է, իսկ Dyeus եկած է նոյնպէս հնդեւրոպական նախնական լեզուի արմատներէն եւ կը նշանակէ փայլիլ, ճաճանչել։ Զարմանալի չէ այս անուանումը, որովհետեւ արական աստուածութեան պաշտամունքը յաճախ կապուած է արեւապաշտութեան հետ։

Dyeus արմատը զանազան լեզուներու մէջ առած է տարբեր ձեւեր։ Այսպէս օրինակ, հինտուներու հաւատալիքներուն մէջ կը հանդիպինք երկինքի ամենակարող աստուած Տիուսին հետ, որ անունին նախնական ձեւը պահած է, իսկ գերմանական դիցարանին մէջ անոր կը հանդիպինք որպէս ռազմի աստուած՝ Տիր անունով։ Ծանօթ անուն մը։ Այո, հայերն ալ ունեցած են Տիր անունով աստուած մը իրենց դիցարանին մէջ եւ զայն պաշտած են որպէս դպրութեան աստուած, որ նոյն ատեն նաեւ մեռելներուն հոգիները կը դատէր, որովհետեւ իր քով կը գտնուէին ամէն մարդու լաւ ու վատ գործերուն արձանագրութիւնները։

Հայկական դիցարանին եւ աւանդավէպերուն մէջ կը հանդիպինք մէկէ աւելի հօր տիպարի։ Անոնցմէ ամէնէն ուշագրաւները Արամազդն ու Հայկն են։ Կարելի չէ անտեսել այս երկու անուններուն առնչութիւնը հայ ազգի ծագումնաբանութեան հետ։ Չէ՞ որ Պատմահայրը մեր ժողովուրդի զոյգ անուանակոչումները վերագրած է Արամ(ազդ) եւ Հայկ նահապետներուն։ Հիմնաւորուած պատճառներ կան համոզուելու, որ այս երկուքը կը ներկայացնեն նոյն աստուածութիւնը՝ Հայր Աստուածը։ Շատ հաւանաբար Հայկի եւ Բէլի դիւցազնավէպը իրականութեան մէջ եղած է տիեզերքի արարչագործութեան հայկական պատումը, սակայն ժամանակի ընթացքին, կորսնցնելով իր դիւցազնական խորքը վերածուած է ազգի ծագումնաբանութեան վէպին։ Անցումը եղած է քաղաքական եւ ընկերային պատճառներով։ Փաստ է նաեւ, որ մենք մինչեւ օրս մեր երկիրը կը կոչենք Հայոց Աշխարհ, մեր սահմանափակ տարածաշրջանը հաւասարեցնելով ամբողջ աշխարհին հետ. ուրեմն տրամաբանական պիտի ըլլայ, որ Հայքի՝ Հայոց Աշխարհի ծագումը ամբողջ աշխարհի սկիզբը նկատուէր։

Հայկը նոյն ինքն Արամազդն է (Հայր Արամազդ), Արարիչ Ռազմիկը (գերմանական Տիրը), որ դէմ դնելով մութ ու քաոսային ուժին՝ Բելին, կրցաւ ստեղծել Հայոց Աշխարհը՝ տիեզերքը։ Ըստ Հայկի աւանդազրոյցին, իր յաղթանակէն ետք Հայկ կարգաւորեց աշխարհը, ինչպէս վայել է քաոսային ուժերուն դէմ պայքարող արարիչի մը։ Ան հաստատեց ժամանակը եւ իր տասներկու զաւակներուն անուններով կոչեց տարուան ամիսները։ Իսկ Հայկի անունով կոչուած համաստեղութիւնը (օտար անուանումով Օրիոնի Գօտին), անոր երկնային բնոյթի վկայութիւնն է։

Կարելի չէ անտեսել Հայկի աւանդավէպին եւ Բաբելական արարչագործութեան վէպին միջեւ նմանութիւնները։ Ըստ Բաբելական արարչագործութեան վէպին, Թիանմաթ՝ քաոսային ուժերու դիցուհին այնքան կը զօրանայ եւ ատելութեամբ ու վրէժխնդրութեամբ կը լեցուի միւս աստուածներուն հանդէպ, որ կը ստեղծէ գազանային իր բանակը եւ կը սկսի յարձակումը։ Մեծ աստուածները՝ Անու, Անշար եւ ուրիշներ կը փորձեն դէմ դնել, բայց կը ձախողին ու կը դիմեն փախուստի, Հայկին թոռներուն պէս, որոնք Բելին բանակին դէմ մէկ առ մէկ կը նահանջեն։ Ի վերջոյ մէջտեղ կու գայ հերոս Մարդուխը եւ իր նետով կը զգետնէ Թիանմաթը, ինչպէս Հայկը վերջ պիտի տար Բէլին։ Թիանմաթի սպանութենէն ետք, անոր մարմնի կտորներով Մարդուխ կը ստեղծէ աշխարհը եւ կարգ ու կանոն կը հաստատէ։ Հայկն ալ Բէլը տապալելէն ետք, կը լծուի Հայոց Աշխարհի կարգ ու կանոնը հաստատելու աշխատանքին։

Հոս կ՚արժէ յիշել, որ գրեթէ բոլոր ազգերը ունեցած են «Առաջին Թագաւոր»ի առասպելը։ Այս առաջին թագաւորները աստուածներ, կիսաստուածներ կամ առասպելական հերոսներ են, որոնք յաճախ իրենց ժողովուրդին կը բերեն նոր գիւտ մը, կամ կ՚օժանդակեն անոր զարգացման եւ այդ պատճառով կ՚արժանանան բարձր դիրքի։ Ճիշդ հոս ալ կը տարբերին անոնք Հայկի աւանդազրոյցէն։ Հայկ արքայական տոհմի մը հիմնաքարը չդրաւ, ոչ ալ հայութեան պարգեւեց նորարարութիւն մը։ Ան ամբողջ ազգի մը սկիզբը դրաւ եւ եղաւ ազգի՛ հայր. արժանաբար կոչուեցաւ ոչ թէ Հայոց Արքայ, այլ Հայոց Նահապետ՝ բառին ամէնէն մտերմիկ ու հարազատ իմաստով։ Հայկը հայութեան հայրն է, Հայր Արամազդն է եւ որքա՜ն հին է ան։ Անոր պատկերը, իր լայնալիճ աղեղով, փորագրուած գտնուած է նոյնիսկ հնագոյն ժայռապատկերներուն մէջ։

Հօր նախատիպին յաճախ կը հանդիպինք մեր աւանդավէպերուն մէջ։ Սակայն ամէնէն յուզիչն ու անզուգականը կը մնայ Առիւծ Մհերի տիպարը։ Նախ ընդգծենք հոս «Առիւծ» անուանումը, որովհետեւ, ինչպէս նախապէս յիշեցինք, արական աստուածութեան պաշտամունքը կապուած է արեւապաշտութեան հետ, իսկ առիւծը արեւու ամէնէն ընդհանրացած խորհրդանիշներէն մէկն է։ Առիւծ Մհեր կը նշանակէ՝ Արեւ Մհեր։ Անիկա է, որ իր երկնային բարձրունքէն կը հսկէ իր արարածներուն եւ երբ պէտք է, նոյնիսկ մահուան գնով կը հայրանայ, որպէսզի շարունակուի Սասնայ Տունը, կատարուի սերնդափոխութիւնը։ Առասպելական միտքին մէջ աստուածներն ալ ենթակայ են ճակատագրի գերակշիռ ուժին, չեն կրնար փախուստ տալ անկէ կամ իրենց արարքներուն հետեւանքով եկած անէծքներէն։ Հայրական զոհողութեան ամէնէն գեղեցիկ արտայայտութիւնն է այս, չէ՞ որ միշտ մեր հայրերը իրենց անձերը զոհած են յաջորդ սերունդին համար։ Հայ հօր տիպարի օրինակելի խտացումն է Առիւծ Մհերը եւ անոր բառացի զոհողութիւնը մեր հայրերուն առօրեայ զոհողութիւններուն խորհրդանիշն է։

Վերադառնալով «Տիր» անունին. հաւանաբար այս ալ սկիզբի շրջանին եղած է Արամազդի ածականներէն մէկը եւ ապագային զատուած՝ իբրեւ տարբեր աստուածութիւն։ Տիր կամ Տէր կոչումը միայն Արարիչին վայել է եւ միայն Ան իրաւասու է դատաստանի հրաւիրելու Իր ստեղծած արարածները։ Տէրը կը պաշտուի մինչեւ այսօր։ Կարգ մը յարանուանութիւններ, երբ Աստուծոյ կ՚ակնարկեն, «Տէր» բառին հոլովումը կը կատարեն «Տէրոջ» ձեւով եւ ոչ «տիրոջ», առանց կատարելու է-ի հնչիւնափոխութիւնը, բացատրելով թէ «Տէրոջ անունը չի փոխուիր»։

Արդեօ՞ք Աստուծոյ անունը «Տէր» է։ Եւ ինչո՞ւ ոչ, ի վերջոյ Ան է Տէրը եւ Ան է Հայրը. Արարիչը, որուն պատկերը տեսան մեր նախահայրերը Հայկական Բարձրաւանդակի երկնակամարին վրայ, Անոր վերահսկող գոյութիւնը կապեցին աստղերուն ու արեւին հետ եւ Անոր քաջագործութեան վերագրեցին աշխարհի, Հայո՛ց Աշխարհի ստեղծագործութիւնը։ Անոր հայրական անունը առին եւ տիրական անունը պաշտեցին դարէ դար…

Յուշիկ Ղազարեան