Փշակն

Մեր միջավայրին մէջ սկսած են աճիլ, իրարմով սնանիլ, իրարմէ օրինակ վերցնել դիւրին ընտրութիւն կատարող մարդիկ, ժողովականներ: Նոր չէ յայտնաբերուած այս երեւոյթը, տարիներէ ի վեր կրկնուող, վարակիչ հիւանդութեան մը վերածուած է արդէն: Տարօրինակը, սակայն, անոր սովորական համարուիլն է:

Մէկը ըրաւ՝ միւսն ալ պիտի ընէ: Ինչո՞ւ չընէ, այնքան ատեն որ դիւրին ձեւ է: Արդարացում մըն ալ կը գտնուի հարկաւ:

Համահայկական ժողով, համահայկական բանակում, համահայկական պտոյտներ ու դիւրին ընտրութիւններ…ընտանեկան, բարեկամական…:

Նեղ շրջանակէն ինչո՞ւ դուրս ելլել, տարբերակներ ճշդել, անկողմնակալ ընտրութիւն կատարել: Դժուար քայլեր են ասոնք, դժուար ընտրութեան դիմաց կը դնեն մարդս: Ուրեմն… ես զաւակս կ’ընտրեմ, դուն՝ քրոջդ զաւակը, ան՝ ընտանեկան միւս պարագաները ու հանդերձ ընտանեօք կը մասնակցինք համահայկական ձեռնարկներու ու մեր ազգային պարտքը կը կատարենք: Այլ արժանիներ փնտռելը դժուար գործ է: Ընտրութեան հարց դրուելու ալ չէ օրակարգի վրայ: Արագ որոշում առնել, նեղ շրջանակի մէջ, անխօս ու անկարծիք ժողովականներու ներկայութեան, այս է ամենադիւրին ձեւը: Այսպէս՝ միաձայնութեամբ, առանց այլընտրանքներ անգամ ճշդելու, բոլորին լուռ «համամտութիւնը» ստանալով:

Իսկ ժողովականներ, երբեմն նոյնիսկ ժողովական կանոններէ անտեղեակ, կուլ կու տան եղածը: Անոնք, լաւագոյն պարագային, ժողովէն յետոյ, ժողովէն դուրս, բամբասանքով կ’արտայայտեն իրենց բողոքը, կամ ալ վարակուած՝ յաջորդ տարի նոյնը կ’ընեն կամայ թէ ակամայ, գիտութեամբ թէ տգիտութեամբ, պաշտօնի լռիկ-մնջիկ օգտագործումով, իրենց նեղլիկ շրջանակէն անդին մարդ չտեսնելով, մարդու առիթ չտալով:

Լուրջ պատասխանատուութիւն, դիւրին ընտրութիւն ու վարակիչ հիւանդութիւն: Այս հիւանդութեան բուժման դեղագիրը ո՞վ պիտի գրէ, ե՞րբ պիտի գրէ: Որքան ուշանայ դեղագիրը, այնքան կը տարածուի հիւանդութիւնը, այնքան կ’ուշանայ ու կը բարդանայ բուժումը, այնքան ընտանեկան ու բարեկամական կը դառնան համահայկական մասնակցութիւնները: