ՏԵՂԱԿԱՆ

ՊԵՏԻԿ ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ ՄԻԱՑԱՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԻՆՉԵՒ 17 ՏԱՐԵԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՍՔԵԹԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻՆ

ՀՄԸՄ-ի պասքեթի տղոց խումբի խաղացող Պետիկ Մասերէճեան,  Կիրակի 14 Յուլիսին Սուրիոյ երիտասարդական պասքեթի հաւաքականին հետ մեկնեցաւ Իրան, 15-21 Յուլիս 2019-ին Թեհրանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերելու բարեկամական մրցաշարքին:

Աւելցնենք, որ Պետիկ Մահսերէճեան կը նկատուի Սուրիոյ երիտասարդ լաւագոյն խաղացողներէն մէկը: Ան վերջին տարիներուն կրցաւ ներկայանալ որպէս բարձրորակ մարզիկ: ՀՄԸՄ-ի խումբէն հրաւէր ստացած էր նաեւ Յովիկ Քըլզին, սակայն անոր առողջապահական վիճակը պատճառ դարձաւ որ զանց առնուի հաւաքականէն:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

ԱԶԱՐՏԻ ՄԱՐԶԱՇԱՊԻԿԻՆ ԹԻՒԸ ՅՍՏԱԿԱՑԱՒ

Սպանիոյ թագաւորական ակումբի՝ Ռէալ Մատրիտի նորեկ խաղացող Իտէն Ազարտ ընտրեց  23 թուակիր մարզաշապիկը, որմով պիտի մասնակցի ախոյեանութեան մրցումներուն: Ըստ Ազարտի, ան այս թիւը ընտրած է, որովհետեւ կը կը հետեւի ամերիկեան պասքեթի NBA-ի մրցումներուն եւ կը քաջալերէ Մայքըլ Ճորտընն ու Լըպրօն Ճէյմսը, որոնք նոյնպէս կը կրէին  թիւ 23 մարզաշապիկը:

Աւելցնենք, որ սպանական ակումբին մէջ թիւ 23 տարազով խաղցած է Անգլիոյ հաւաքականի խաղացող Տէյվիտ Պեքհամ: Պէլճիքացի խաղացողը Չելսիի մէջ կը հագնէր թիւ 10 կրող տարազը , որ ներկայիս մատրիտեան կազմին մէջ կը պատկանի Լուքա Մոտրիչին:

ԶԻՏԱՆ ԽՈՒՄԲԸ ԼՔԵԼՈՎ ՍՊԱՆԻԱ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Սպանիոյ մայրաքաղաք Ռէալ Մատրիտ ակումբի վարչական կազմը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ խումբի ֆրանսացի մարզիչ Զինըտտին Զիտանը լքած է Քանատայի մէջ տեղի ունեցող կազմին ուսումնամարզական հաւաքը եւ վերադարձած Սպանիա, ուր յանկարծամահ եղած է իր եղբայրը: Մինչ այդ, կազմին մարզումներուն աշխատանքը վստահուած է Զիտանի օգնականին՝ Տէյվիտ Պիթունիին մինչեւ անոր վերադարձը:

ՈՒԻՄՊԸԼՏԸՆ-2019. ՃՈՔՈՎԻՉ  ՅԱՂԹԵՑ ՖԵՏԵՐԸՐԻՆ ԵՒ ՊԱՀՊԱՆԵՑ  ՏԻՏՂՈՍԸ

Աշխարհի արհեստավարժ թենիս խաղացողներու աղիւսակին առաջին դիրքը գրաւող  Նովակ Ճոքովիչ իր մարզական կեանքին մէջ 5-րդ անգամ ըլլալով յաջողեցաւ ձեռք ձգել Ուիմպըլտընի  բաժակը, պահպանելով 2018-ին իր նուաճած տիտղոսը: Եզրափակիչ խաղին, Ճոքովիչ 5 փուլերուն  7-6 (7-5), 1-6, 7-6 (7-4), 4-6, 12-12 (7-3) հաշիւով պարտութեան մատնեց մրցաշարքի երկրորդ մարզիկը՝ զուիցերիացի Ռոճըր Ֆետերըրը: Հանդիպումը տեւեց 4 ժամ 55 վայրկեան եւ եղաւ Ուիմպըլտընի մրցաշարքի պատմութեան ամէնէն երկար եզրափակիչը:

Յիշենք, որ Ճոքովիչ Ուիմպըլտընի բաժակակիր դարձած է  4 անգամ՝ 2011, 2014, 2015 եւ 2018 թուականներուն: 2014, 2015 թուականներու  եզրափակիչներուն,  ան երկու անգամ յաղթած էր Ֆետերէրին:

ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՆՈՐ ԽԱՂԱՑՈՂԸ՝ ՔՐԻԶՄԸՆԸ

Կիրակի օր, Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնան ներկայացուց խումբի  նորեկ ֆրանսացի յարձակող Անթուան Քրիզմընը, որ քաթալոնիական ակումբին միացաւ մեկնելով Աթլէթիքօ Մատրիտէն: Ֆութպոլիստը ակումբի նախագահ Խոսէ Փարտոմէույի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն ներկայացաւ իր նոր  մարզաշապիկով, որ կը կրէ 17 թիւը:

Յիշեցնենք, որ քաթալոնիական ակումբը Քրիզմընը ձեռք  բերաւ փոխան  120 միլիոն եւրոյի: Ֆութպոլիստը Պարսելոնայի հետ  ստորագրեց հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը: Պայմանագրութեան հրաժարագինն է՝ 800 միլիոն եւրօ:

ՀԵՆՐԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԱՐՍԵՆԱԼԻ ՀԵՏ ԼՈՍ ԱՆՃԸԼՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ

Լոնտոնի Արսենալը, որուն կազմին հետ հանդէս կու գայ Հայաստանի հաւաքականի աւագ Հենրիկ Մխիթարեան, նախապատրաստուելով յառաջիկայ տարուան ախոյեանութեան, ուսումնամարզական հաւաքի համար մեկնեցաւ Ամերիկայի Լոս Անճելոս նահանգ:

Ըստ  ակումբի պաշտօնական կայքին, Միացեալ Նահանգներ մեկնեցաւ 29 ֆութպոլիստ: Ամերիկա շրջագայութեան ընթացքին Արսենալ պիտի մասնակցի բարեկամական չորս մրցումներու: 15 Յուլիսին Դենվերիի մէջ արսենալցիները հանդիպեցան Կոլորատօ Ռապիթսի հետ, որմէ երեք օր ետք, Լոս Անճելոսի մէջ, անոնք պիտի մրցին  Գերմանիոյ ախոյեան Պայերն Միւնեխի դէմ: Լոնտոնեան ակումբի յաջորդ մրցակիցները պիտի դառնան իտալական Ֆիորենտինան: 24 Յուլիսին Արսենալ ուսումնամարզական հաւաքը կ’աւարտէ հանդիպելով Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտի հետ:

Ռաֆֆի Սիւլահեան