Եթէ ձեր տան ծածկոցներուն վրայ յայտնուին խմիչքի կամ սուրճի հետքեր, օգտագործեցէք հետեւեալ հնարքները.

  1. Մի փորձէք կտորէ սրբիչներով մաքրել հետքերը: Այդ մէկը կ’ընդլայնէ աղտին մակերեսը: Աւելի լաւ է սպունգով եւ մաքրութեան յատուկ հեղուկներով պարզապէս թրջել այդ հատուածը: Ապա սափրուելու համար նախատեսուած օճառը տեղադրել անոր վրայ ու ձգել երեք վայրկեան, յետոյ թաց եւ մաքուր սպունգով մաքրել այդ բաժինը:
  2.  Ծամոնը գորգէն կամ այլ ծածկոցի վրայէն հանելու համար օգտագործեցէք սառը: Սառով շփեցէք զայն, քանի մը վայրկեան վերջ ծամոնը կը քարանայ եւ դիւրութեամբ կը վերանայ կերպասին կամ գորգին վրայէն:
  3. Մոմին հետքերը մաքրելու համար օգտագործեցէք ճերմակ, բարակ կտոր մը: Անով ծածկեցէք աղտոտած բաժինը եւ արդուկեցէք: Քանի մը վայրկեան անց նոյն գործողութիւնը կրկնեցէք՝ այս անգամ թուղթ տեղադրելով մոմի հետքին վրայ:
  4. Արեան հետքերը մաքրելու համար կերպասը անմիջապէս լուացէք տաք ջուրով, իսկ արիւնը չորցած ըլլալու պարագային օգտագործեցէք ակռայի դեղը: Նախ դեղը տարածեցէք արեան հետքին վրայ, քանի մը վայրկեան վերջ կերպասը լուացէք պաղ ջուրով:
  5. Արծաթեայ զարդեղէններն ու սպասները փայլեցնելու համար ալ կարելի է օգտագործել ակռայի դեղը: Մաքուր լաթով մը զարդեղէնները լաւ շփելէ ետք, երկրորդ լաթով մը ձերբազատեցէք դեղին մնացորդներէն:
  6. Եթէ ձեր հագուստին կամ որեւէ ծածկոցի մը վրայ սուրճը թափի, նախ սբունգով մը փորձեցէք չորցնել կտորը: Ապա 1 ճաշի դգալ լուացքի հեղուկը, 1 ճաշի դգալ քացախը 2 բաժակ տաք ջուրին հետ խառնեցէք ու անով մաքրեցէք սուրճին հետքը:
  7. Անախորժ հոտերէն ձերբազատելու համար օգտագործեցէք սոտան: Կերպասին վրայ քանի մը դգալ սոտա լեցուցէք, ապա քանի մը ժամ վերջ փոշեկուլով հեռացուցէք զայն: Այսպիսով անախորժ հոտը կ’անհետանայ:
  8. Արդուկին յատակը մաքրելու համար օգտագործեցէք խոնաւ, մաքուր լաթ մը, թաթխեցէք աղի մէջ եւ անով իսկ թեթեւակիօրէն շփեցէք արդուկին յատակը: Արթուկին յատակը կարելի է մաքրել նաեւ կիտրոնով:

 

ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԿՆՈՋ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐԸ

  • Իմաստուն կինը չ’ապրիր իր շրջապատի կարծիքին տուրք տալու համար: Այս մէկը չի նշանակեր, որ ան կ’արհամարհէ իր միջավայրին կարծիքը. ան պարզապէս իր կեանքը չի կարգաւորեր միայն իր շրջապատը գոհացնելու համար: Իմաստուն կինը կը ճշդէ իր կեանքին նպատակները եւ կ՛աշխատի ու կը մաքառի անոնց իրականացման համար, առանց տուրք տալու իր շրջապատին:

 

  • Ան շատ լաւ գիտէ, որ կարելի չէ բոլորին հաճելի թուիլ: Ինքնաբաւ կինը կ’աշխատի ինքզինք զարգացնել եւ գեղեցկացնել , ոչ թէ այլոց հաւանութեան արժանանալու համար: Ան քաջ գիտէ իր թերութիւնները եւ աշխատանք կը տանի սրբագրելու զանոնք: Վերջապէս ո՞վ անթերի է:

 

  • Իմաստուն կինը չի տրտնջար, ոչ ալ կ’ուզէ այն տպաւորութիւնը թողուլ, թէ գիշեր-ցերեկ կ’աշխատի գումար վաստկելու, իր ընտանիքին բեռը մեղմացնելու համար, կամ անընդհատ կը լուայ, կ’արդուկէ, զաւակները կը խնամէ եւ այլն: Ան իր աշխատանքը լրումին կը հասցնէ առանց տրտնջալու, միշտ պահելով իր դէմքին ժպիտը, նոյնիսկ ծանրաբեռնուած  ըլլալու պարագային:

 

  • Իմաստուն կինը կ’ապրի իր ներկան, օգտուելով անոր ընձեռած բոլոր առաւելութիւններէն: Ան չ’օգտագործեր իր տարիքին պատրուակը վախերը կամ ապրումները ծածկելու համար: Ան քաջ գիտէ, որ իւրաքանչիւր տարիք ունի իր գեղեցկութիւնը, հմայքը եւ պէտք է ապրիլ ու զգալ իւրաքանչիւր տարիքի առաւելութիւնը: