Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2019-ի առաւօտուն, Թէքէեան Մշակութային Միութենէն պատուիրակութիւն մը, շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին:

Պատուիրակութեան անունով տիար Կարօ Շուշանեան շնորհաւորեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Զօպուեանը իր ընտրութեան առիթով, յաջողութիւն մաղթեց սրբազան հօր առաքելութեան, ապա ներկայացուց միութեան գործունէութիւնը:

Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար, յաջողութիւն մաղթեց միութեան աշխատանքներուն եւ գործակցութեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց միութեան:

Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները: