«Ասպարէզ».- Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին Արարատ Միրզոյեան շեշտեց երկու կազմակերպութիւններուն կարեւոր դերը հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ: Ան գործընկերներուն ներկայացուց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած բարեփոխումներուն օրակարգը:

Քննարկուեցան հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած շարք մը ծրագիրներ, որոնց իրականացման գործին մէջ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ Ամերիկայի հայկական համագումարը կրնան իրենց ներդրումը ունենալ: