«Արմէնփրէս».- ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն տեղեկացուցին, որ Մինսքի Եանքա Քուպալա անունը կրող պետական թանգարանէն ներս, Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի հետ գործակցութեան պայմանագիրով եւ Պելառուսի Հայաստանի Դեսպանութեան աջակցութեամբ 18 Յուլիսին տեղի ունեցած է «Պատիւ ունինք ներկայացնելու` Յովհաննէս Թումանեան» խորագիրը կրող ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը:

«Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ է Պելառուսի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի առաջին տեղակալ Նաթալիա Քարչեւսքայան: Ան յայտնեց, որ նման նախաձեռնութիւններ կարեւոր կը համարուին երկու ազգերու մշակութային փոխչաճանաչելիութեան եւ գործակցութեան մակարդակի բարձրացման առումներով:

Հայաստանի դեսպան Արմէն Ղեւոնդեան  ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ թէ Հայաստանի մէջ, թէ արտասահմանի մէջ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի հովանիին տակ յիշատակուող յոբելեանը  առիթ է ընդգծելու, որ Թումանեանի  քանի մը տասնեակ լեզուներով թարգմանուած ստեղծագործութիւնները խարսխուած են համամարդկային արժէքներու վրայ, եւ արդիական են առ այսօր:

Յովհաննէս Թումանեանի գրական ու մշակութային ժառանգութեան եւ հասարակական-քաղաքական գործունէութեան մասին իրենց ելոյթներուն մէջ անդրադարձ կատարեցին Եանքա Քուպալայի պետական գրական թանգարանի տնօրէն Ելենա Լեաշքովիչ, Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի գլխաւոր հիմնադրամի տեղապահ Մարինէ Պաղտասարեան, Պելառուս-Հայաստան Միութեան նախագահ եւ «Պելառուս» միջազգային ձայնասփիւռի տնօրէն, լրագրող Նաում Կալպերովիչ:

Երեւանէն բերուած երեք տասնեակէն աւելի ցուցադրելի օրինակներու շնորհանդէսին, ներկայացուեցաւ Ամենայն Հայոց բանաստեղծին մշակութային, լուսաւորչական ու հասարակական գործունէութեան առնչուող նիւթեր:

Ձեռնարկին իր մասնակութիւնը բերաւ «էրեբունի» ազգային պարային համոյթի մենակատար Հռիփսիմէ Գէորգեան:

Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 17 Օգոստոս», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: