«Երկիր».- ՆԱԹՕ-ի «Պաշտպանական կրթութեան զարգացման» ծրագիրի եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան 2019-ի գործակցութեան ծրագիրին համաձայն, 16-էն 19 Յուլիսին Հայաստան ժամանած  էր ՆԱԹՕ-ի հեռավար ուսուցման ոլորտի փորձագէտներու խումբը` ծրագիրներու համակարգող, մասնագէտ Պէօթր Կաւլիչէքի գլխաւորութեամբ:

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան զինուորական ուսումնական հաստատութիւններու դասախօսական կազմին համար Պաշտպանութեան Նախարարութեան վարչական համալիրէն ներս ՆԱԹՕ-ի փորձագէտները կատարած են «Հեռավար դասընթացքի ստեղծում եւ զարգացում» խորագիրով գործնական դասընթացք, ուր ներկայացուած են հեռավար դասընթացքներու ստեղծման մեթոտաբանութիւնը եւ արդի գործիքակազմը:

Դասընթացքի արդիւնքներուն ամփոփման ընթացքին քննարկուած են ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան զինուորաուսումնական հաստատութիւններուն հեռավար ուսուցման աշխատանքները եւ հետագայ ծրագիրները: