Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 17 Յուլիսին շնորհաւորական ուղերձ  յղած է Պելճիքայի Թագաւոր Ֆիլիբին` երկրի Ազգային տօնին առիթով:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն  տեղեկացուցին, որ նախագահ Սարգսեան   յայտնած է, որ Հայաստանը կարեւոր կը համարէ Պելճիքայի հետ բարեկամական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումն ու կայուն գործակցութիւնը եւ շահագրգռուած  է խորացնել եւ ընդլայնել հայ-պելճիքական կառուցողական երկխօսութիւնը ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ ձեւաչափերով: