Երկուշաբթի, 22 Յուլիս 2019-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Ռաշիտին շրջանին մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեցին Հալէպի Համտանիէ եւ Ճամիլիէ թաղամասերուն ուղղութեամբ։
Հրթիռակոծման հետեւանքով զոհուեցաւ 7 քաղաքացի, վիրաւորուեցան ուրիշներ։
Աղբիւրին համաձայն արձանագրուած են նիւթական բազմաթիւ վնասներ, իսկ կարգ մը բնակարաններու մէջ հրդեհ բռնկած է։