«Արմէնփրէս» –Թուրքիոյ «Լաւ» կուսակցութեան ղեկավար Մերալ Աքշեներ յայտնած է, որ հզօրացած խորհրդարանական համակարգը Թուրքիոյ համար աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլայ: Ան անդրադարձած է նաեւ ստեղծուելիք նոր կուսակցութեան:
«Կը կարծեմ, որ նախագահական կամ կիսանախագահական համակարգին փոխարէն աւելի անհրաժեշտ է կիրառել ժողովրդավարական համակարգը: Գործող համակարգը ընդունուած է արագօրէն, եւ բաւարար չափով չէ քննարկուած հասարակութեան կողմէ», ըսած է ան:
Աքշեներ նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ 11-րդ նախագահ Ապտուլահ Կիւլի եւ նախկին փոխվարչապետ, տնտեսութեան նախարար Ալի Պապաճանի կողմէ նոր կուսակցութիւն հիմնելու հարցին:
«Կը հաւատամ, որ նոր կուսակցութիւնը յաջողութիւններ պիտի արձանագրէ եւ ընտրողներու համար պիտի ծառայէ որպէս այլընտրանք»,- եզրափակած է ան: