«Արմէնփրէս».-Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի տրամադրուած տնտեսական աջակցութիւնը այս տարի 35 մլն. եւրոյէն պիտի բարձրացնէ 70 մլն. եւրոյի: Այս առումով կառուցողական քննարկում կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի եւ կառավարութեան միջեւ՝ հասկնալու, թէ այդ գումարը ո՞ւր պիտի օգտագործուի:
Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանը այս առիթով հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ.«Տարեկան աջակցութեան միջին մակարդակը երկկողմանի ծրագրաւորումով 35 մլն. եւրօ է, իսկ այս տարի պիտի հասնի 70 մլն. եւրոյի: Խօսքը երկկողմանի գործընթացի մը մասին է, պիտի իրականանայ նաեւ բազմակողմանի աջակցութիւն: Մենք բաւական լուրջ կառուցողական քննարկում պիտի կատարենք կառավարութեան հետ, թէ այդ գումարը ո՞ւր պէտք օգտագործել»: Ապա ան հաստատեց, որ տարուան վերջաւորութեան բոլոր անհրաժեշտ փաստաթուղթերը պիտի ամբողջանան:
Դեսպանը նաեւ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է դատաիրաւական բարեփոխումներու իրագործման մէջ եւս աջակցելու Հայաստանին:
Խօսելով ընդդիմութեան քննադատութեան մասին, թէ իշխանութիւնը կը փորձէ ստեղծել կախեալ դատական համակարգ, Սվիթալսքի յայտնեց. «Բարեփոխումները պէտք է կատարուին Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան համաձայն: Բարեփոխումները պէտք է ըլլան միջազգային չափանիշերուն համապատասխան: Երբ կ՛ըսենք անկախ դատական իշխանութիւն, մենք նկատի ունինք իրապէս անկախ դատարան, որ պաշտպանուած է անհարկի, ոչ օրինական միջամտութենէն: Իշխանութեան ճիւղերու կատարեալ բաժանումը չափազանց կարեւոր է մեզի համար: Ես որեւէ պատճառ չունիմ այս պահուս անհանգստանալու, որ միտում կայ թուլացնելու Հայաստանի մէջ դատական իշխանութեան անկախութիւնը»:
Անդրադառնալով Արցախի հարցին, Սվիթալսքի յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը նոյնն է. հարցը զինուորական լուծում չունի: