Երեքշաբթի, 23 Յուլիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան այցելութիւն տուաւ Ասորի Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Անթուան Շահտա Սրբազանին: Սրբազան հօր ընկերացաւ Արժ. Տ. Արշակ Քհնյ. Ալաճաճեան: Հանդիպման ընթացքին թեմիս առաջնորդը խօսեցաւ միջհամայնքային յարաբերութեան կարեւորութեան մասին, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքապետին, որ ներկայ եղաւ նորընտիր առաջնորդին պաշտօնական եւ ժողովրդային ընդունելութեան:

Շահտա Ս սրբազանը իր կարգին յայտնեց, որ երկու համայնքները կոչուած են միասնաբար եւ համագործակցաբար դիմագրաւելու ներկայ մարտահրաւէրները: Աւարտին, ան Մասիս սրբազանին մաղթեց ընդ երկար ծառայութիւն եւ արեւշատութիւն: