Երեքշաբթի, 23 Յուլիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10: 30-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան այցելութիւն տուաւ Մարոնիթ Համայնքի Առաջնորդ Մար Ճոզէֆ Թոփճի Սրբազանին: Թեմակալ առաջնորդին ընկերակցեցաւ Արժ. Տ. Արշակ Քհնյ. Ալաճաճեան: Հանդիպման ընթացքին թեմիս առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքապետին, որ ներկայ եղած էր իր պաշտօնական եւ ժողովրդային ընդունելութեան: Ճոզէֆ սրբազան իր կարգին կարեւոր համարեց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ունեցած իւրայատուկ ներդրումը Հալէպի մէջ:
Աւարտին, ան Մասիս սրբազանին մաղթեց անսպառ կորով եւ օրհնաբեր գործունէութիւն: