«Երկիր».- Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորա-Հայկական Միութիւնը (AAASC) եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը 22 Յուլիսին փոխըմբռնման եւ գործակցութեան յուշագիր ստորագրած են երկու կողմերու միջեւ յարաբերութիւններու խորացման եւ ինստիտուցիոնալացման (էական«Գ.») նպատակներով:
Յուշագիրը կ’ընդգծէ երկու համայնքներու միջեւ պամական յարաբերութիւնները, գործակցութեան եւ փոխըմբռնման կարեւորութիւնը եւ համակողմանի գործակցութեան ապահովումը:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Նորա Յովսէփեան ըսած է. «Փոխըմբռնման եւ գործակցութեան յուշագիրի ստորագրումը Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորա-Հայկական Միութեան հետ յարաբերութիւնները աւելի օրինական մակարդակի պիտի բարձրացնէ» :
Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորա-Հայկական Միութեան նախագահ Ռամոն Թեհշի խօսքին համաձայն, սոյն յուշագիրը պաշտօնապէս պիտի ամրացնէ պատմական միութիւնը եւ պիտի ծառայէ երկու համայնքներու միջեւ կապերու ամրապնդման: