Երեքշաբթի, 23 Յուլիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 12:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան այցելութիւն տուաւ Հալէպի Արաբ Աւետարանական Երիցական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Իպրահիմ Նսէրին: Առաջնորդին ընկերակցեցաւ Արժ. Տ. Արշակ Քհնյ. Ալաճաճեան: Հանդիպման ընթացքին թեմիս առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց պատուելիին, որ ներկայ գտնուած էր սրբազան հօր պաշտօնական եւ ժողովրդային ընդունելութեան: Իպրահիմ Նսէր իր կարգին բարի գալուստի խօսք արտասանեց Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանին, մաղթելով արդիւնաշատ եւ օրհնաբեր ծառայութիւն: Պատուելին նաեւ խօսեցաւ հայ համայնքին շահեկան ներկայութեան մասին, դիտել տալով, որ հալէպահայերը բարի համբաւ կը վայելեն, յատկապէս իրենց խաղաղասիրութեամբ եւ ստեղծարար ուժականութեամբ:
Աւարտին, Մասիս սրբազանը սերտ գործակցութեան դրական ըլլալը հաստատեց, աւելցնելով, որ Հալէպի եկեղեցիները նոյնիսկ պատերազմի դաժան եւ դժնդակ օրերուն յուսադրող եւ հաւատքի լոյս սփռող սրբանուէր կառոյցներ հանդիսացած են: