Այնքան անհակակշիռ զեղումով կը մեծաբանենք փոքր գործեր, այնքան անսովոր ածականներ կը շռայլենք սովորական առաքինութիւններու համար, որ մարդ պարզապէս կը հարկադրուի իր լեզուին ու գրիչին կղպանք դնել, որպէսզի Լիզպոնի հինգին ողջակիզումը չփառաբանէ մաշած խօսքերով եւ չնսեմացնէ անոնց գիտակից ու կամաւոր նահատակութիւնը:

Հայկական դիցաբանութեան ծննդոցի բաժինին մէջ մեր նախահայրերը կը հաւատային, որ մայր հողը կը միանար երկինքին եւ այդ միացումէն կը ծնէին հերոս-հսկաներ, որոնք իրենց կարգին կը փոխակերպուէին աստուածներու եւ այդ աստուածներէն կը յառաջանային մարդկային ցեղեր: Եւ այսպէս, մարդկային երեւակայութեան մէջ ծնունդ կ’առնէին առասպելներ, աւանդութիւններ, հեքիաթներ: Եւ ատոնք կը գծէին ազգերու ճամբան. Պա՛րզ, յստա՛կ:

Այդպէս ծնած էր Վահագն, որ կը մարմնաւորէր քաջութեան մեր ձգտումը՝ որպէս ուղենիշ պատմական մեր երթին…:

Յամի տեառն 1983-ին, Յուլիսի 27-ին, հինգ երիտասարդներ՝ Վաչէ, Սագօ, Արա, Սեդրակ եւ Սիմոն, մայր հողին կարօտով, այդ հողը առած իրենց սրտերուն՝ կը միանային երկինքին եւ այդ միացումէն կը ծնէր քաջութեան լուսաստղը ու կը տարածուէր յեղափոխական շունչը, միաժամանակ կը վերակենսաւորուէր քաղաքական մեր կամքը: Կը գրուէր նոր առասպել մը, կը պատմուէր հայկական Սփիւռքի առաջին հեքիաթը, որպէսզի հայրեր աւանդեն իրենց զաւակներուն, թոռներուն, եւ այդ հեքիաթէն յեղափոխական շունչը յառնի եկող սերունդներուն մէջ ու վարակէ անոնց հոգիները:

Այո՛, անպաճոյճ, դիւրին պատմուելիք ու դիւրին սորվելիք հեքիաթ մըն է Լիզպոնը, ուր հինգ երիտասարդներ ըսին, պարզ ու յստակ, բոլորին հասկնալի լեզուով. «Մերը անձնասպանութիւն չէ, այլ՝ ազատութեան ու արդարութեան զոհասեղանին մատուցուած կեանքի ընծայում…»։

Եւ սակայն, հեքիաթները իրենց պարզութեամբ ազգային վճիտ ակերէ բխելէ ետք, յաճախ կը հոսին համամարդկային ուղիներէ՝ ազգին ու մարդկութեան տանելով իւրայատուկ պատգամ, վերծանելի խորհուրդ, բարոյական թելադրականութիւն:

Յեղափոխական խիզախումի բարոյականը ընդգծող եւ մահը կեանքին կամրջող ու կեանքը մահով իմաստաւորող, եզակի ոճով եզակի հեքիաթ մը եղաւ Լիզպոնը, որուն հինգ դիւցազունները պիտի փսփսան մեզի, մեր յաջորդներուն եւ իրենց իսկ գրած հեքիաթը պիտի պատմեն միշտ:

Ես չեմ կրնար իրաւունք տալ ինքզինքիս՝ անոնց արարքին խորքին հասնելու, հոն պահուած խորհուրդը պարզելու եւ խռովքն անոնց հոգիին բացատրելու մահկանացուի անզօր լեզուով:

Բայց թոյլ տուէ՛ք, Լիզպոնի քա՛ջ հայորդիներ, որ իբրեւ պարզ հեքիաթասաց, առաւելագոյն ճիգով մը ձեր հեքիաթը ես պատմեմ, սակայն պատմեմ ձեր լեզուով.

«… Վաչէն եմ ես: Մէկը՝ հինգէն: Կը խօսիմ մահեղբայրներուս անունովն ալ: Ընկերներուս պէս կեանքին բացուեցայ օտար երկինքի տակ, մայր հողէն արմատախիլ եղած տունկի մը պէս: Կ’ուզէի աճիլ, բայց հողը խորթ էր ու անհաղորդ արմատներուս: Գիտակցութեանս ծաղկումին՝ ուզեցի տիրել կեանքի իմաստին: Սերտեցի մեր պատմութիւնը: Ուսանողական գրասեղաններէս մտերմացայ մեր ազգին փառքը կազմող անուններուն հետ, որոնց մահուան դիմաց յաճախ հանդիպեցայ չարաշուք թուականի մը՝ 1915: Այդ թուականը անջնջելի խարան մը եղաւ սրտիս ու հոգիիս վրայ: Գարուն տարիքս մղեց զիս, որ կեանքին նպատակը սահմանեմ եւ ապրելու ուղեգիծս ճշդեմ՝ անուանի ու անանուն նախահայրերուս տիպարին վրայ կաղապարուած:

«Համոզուեցայ, որ մարդու կեանքը պատճառաւոր արարքներու դրութիւն է: Աշխարհի ու մարդոց ուժերուն դիմաց գիտակից դիրքաւորում մը՝ անհատին կողմէ: Ներքին ու արտաքին աշխարհներէ եկող պատերազմ մը, պայքար մը:

«Ամէնուն պէս ուզեցի մասնակից դառնալ կեանքի այդ պատերազմին: Սակայն պատերազմելէ առաջ հարկ էր սերտել պատերազմի յատուկ օրէնքները:

«Սերտողութենէս պարզուեցաւ, որ կեանքի պատերազմին վախճանական նպատակը ուրիշ բան չէ, բայց միայն սեփական անձի երջանկութեան նուաճումը: Հոգիի այն վիճակը, ուր մարդ ինքզինք կը զգայ գոհունակ եւ լեցուած այնպիսի զգացումներով, որ լինելութեան լիարժէք իսկութիւնը ամբողջական իմաստ զգենու: Այդ երջանկութիւնը իմ մէջ պիտի հաստատուէր այն ատեն միայն, երբ իմ կեանքս օգտակար գործերու շղթայ մը պիտի ըլլար, նպատակի մը ձգտող ճիգերու հանդիսարան մը դառնար: Ուրեմն ինծի կը մնար գտնել օգտակարը:

«Ոմանք ըսին, որ օգտակարը հաճոյքի մէջն է: Երջանիկ պիտի ըլլայի, եթէ իմ բոլոր զգայարանքներս գոհացած ըլլային: Բայց անդրադարձայ, որ այդ ձեւով կեանքս կը վերածուէր հաճոյքի գացող յոգնեցուցիչ վազքի մը միայն:

«Ուրիշներ ըսին, որ օգտակարը շահու մէջն է: Ինչ որ իմ անհատական շահս կ’ապահովէ, եւ կամ՝ աւելի բարձր մակարդակի վրայ, ինչ որ ընկերութեան շահը առաջ կը բերէ, այն է օգտակարը եւ հետապնդելի նպատակը:

«Կարդացի, որ Աթէնքի մեծ թափառականը՝ Սոկրատ, փորձած էր ձերբազատիլ մարմնէն ու հոգեկան արժէքներու մէջ կարծած էր գտնել օգտակարը եւ երջանկութեան աղբիւրը:

«Կարդացի, որ վերափոխիչ մտածումներով հարուստ մեծ ընկերաբաններ ընկերային յանդուգն գաղափարներու իրագործման մէջ տեսած էին երջանկութեան բանալին:

«Ուրիշներ նիւթին մէջ տեսած էին օգտակարը եւ հաւասարութեան մէջ՝ երջանկութիւնը:

«Հիացայ Նազովրեցիին վրայ, որ բացարձակ օգտակարն ու անխառն երջանկութիւնը սահմանած էր սիրոյ մէջ:

«Ես, նախահայրերուս նման, ուզեցի հոգեկան արժէքներու մէջ փնտռել երջանկութիւնս, բայց տեսայ, որ եսապաշտ այս աշխարհին մէջ չափանիշ դարձած էր նիւթը միայն:

«Վերջնական ուղեցոյց ընտրեցի սէրը, հակառակ որ իմ պապերս ատելութիւն գտած էին իրենց սիրոյ սերմնացանին:

«Ուզեցի սիրել, բայց չգտայ կտոր մը հարազատ երկինք ու ափ մը հայրենի հող, որ ջերմացնէր սիրոյ արմատներս եւ սնունդ տար անոնց: Անարձագանգ մնաց սիրոյ երգս աշխարհի մը մէջ, ուր շահը կը գերիշխէր եւ հաշիւը կ’առաջնորդէր: Ինծի կը մնար տալ գերագոյնս՝ սիրոյ տենչիս գրաւական:

«Սիրեցի բոլոր արժէքները, կեանքը, մարդիկ, ազգ, հայրենիք, ազատութիւն: Եւ այդ սէրս այնքան մեծ էր, որ անխռով կեանքս տուի ես անոր»:

«Սեդրակն եմ ես, բայց կը խօսիմ անունովն ալ միւս չորսին: Մանուկ էի, շատ մանուկ, կը լսէի իմ հօրմէս եւ ջերմեռանդ ուսուցչէս, որ պապերուս երկրին մէջ, Արարատի անդունդներէն շղթայակապ Արտաւազդը պիտի փշրէ կապանքները եւ դուրս գալով իր բանտէն՝ պիտի բերէ ազատութիւնն հայերուն: Մտքիս պաստառէն չէր ջնջուեր Սասունցի Դաւիթը, որ Թուր Կէծակին ի ձեռին պիտի իջնէր Մարութայ սարէն ու մեր թշնամիները պիտի պատժէր արդարօրէն: Օ՜, որքան խոր տպաւորած էր զիս Փոքր Մհերը, որ ծնած էր յեղափոխականի տիպարով, բռունցքը պինդ արեան հետքով: Կ’ուզէի հանդիպիլ Արտաւազդին ու Մհերին: Ալ ո՞ր օրուան կը սպասէին: Ազգ մը ամբողջ ջարդուած էր, հայրենիքը՝ գրաւուած, մնացորդացը՝ հոս-հոն ցրուած, ենթակայ՝ ֆիզիքական վտանգի եւ հոգեկան արժէքներու կորուստի:

«Եւ ահա օր մը, օրհնեալ օր մը լսուեցաւ Արտաւազդի շղթաներուն ճռինչը եւ Մհերի բռունցքին թունդ հարուածը: Հայկական ազատագրական պայքարի զանգն էր, որ կը զանգէր աշխարհի զանազան մայրաքաղաքներէն, թէ՝ այո՛, պարտուած ժողովուրդ մը կայ, բայց ան չէ ընկճուած:

«Ես այդ ձայնը նմանցուցի Սասունցի Դաւիթի բամբ կանչին. «Մսրա՛յ Մելիք, կենդանի եմ դեռ եւ հարուածելու կարգը ի՛մն է հիմա…»:

«Այդ ձայնը, ինծի համար, Քուրքիկ Ջալալիին վրայ նստած նոյն Դաւիթին խրոխտ կանչն էր ազդարարող. «Ո՛վ քնած է, թող արթննայ, ո՛վ արթուն է, թող ձին թամբէ…»:

«Եւ շատ չանցած՝ թոյն կաթեցաւ յուսավառ իմ հոգիին: Իմ պաշտելի հերոսներս, Դաւիթէն սերած հայորդիներ, անարդարօրէն կը բանտարկուէին մարդկային վեհ իտէալներու ախոյեան երկիրներու մէջ իսկ՝ Ֆրանսա, Ամերիկա, Քանատա, Զուիցերիա, Հոլանտա, Պելկրատ…: Գիտակցաբար եւ չարամիտ վատութեամբ ազատագրական մեր պայքարին յեղափոխական խոյանքները կ’արատաւորուէին՝ ոճրային հանգամանք տալով անոնց: Զոհը կը դառնար ոճրագործ, իսկ ոճրագործը՝ անմեղ զոհ:

«Կը յաղթանակէր վարկածը, թէ՝ «Սպանէ մէկ հոգի, կը դատապարտուիս իբրեւ հասարակ ոճրագործ, որքան ալ արդար ըլլայ արարքիդ շարժառիթը:

Բայց մորթեցէք հազարներ, արիւնով ներկեցէք հայրենիքներ, դիակներով լեցուցէք գետեր, եւ ձեզի տեղ կը վերապահեն Ողիմպոսի բարձունքին…»:

«Աշխարհ կ’ուզէր, որ անկենդան գոյութիւն մը ըլլար իմ ազգը՝ այս աշխարհէն, բայց ոչ այս աշխարհին մէջ: Այլապէս, գարշելի ոճրագործներ պիտի ըլլային ազատամարտիկները մեր:

«Օ՜, ո՛չ. ես չէի կրնար հանդիսատեսը ըլլալ սարքուած ահռելի դաւին: Մանաւանդ որ նոյնիսկ հայեր խաբուեցան այդ դաւէն: Չէի կրնար հանդուրժել, որ Արտաւազդն ու Մհերը, անպատուուած, մին շղթայուէր վերստին ու երկրորդը մտնէր քարայրը կրկին: Միախառնուած էինք իրարու եւ վերածուած՝ մէկ էութեան: Սրբութիւնն ազատութեան պայքարին պէտք էր մնար վճիտ, անաղարտ: Յեղափոխութեան շունչը չէր տարածուեր մահ սփռելու համար, այլ՝ արդարութիւնը ձեռք բերելու: Եւ ես հանդարտ սրտով, անսուտ մահով ըսի խաբեբայ այս աշխարհին. «Իմ մահս ըլլայ թող վկայ հայութեան արդար դատին եւ անոր սուրբ պայքարին»:

«Երրորդն եմ ես, առանց կարգի: Ինչ որ կ’ըսեմ, լսեցի իմ ընկերներէս եւ իմ սրտէս: Անունս է Սիմոն, յար եւ նման միւս Սիմոնին՝ Զաւարեանին, որուն անբասիր կեանքը, եղաւ ինծի ցուցանիշ: Ինծի համար հերոսն էր ան, որ ունեցածը տուաւ, իսկ ինք առաւ ոչ մէկ բան: Եկեղեցւոյ մոմն էր ան, որ կը հալի ի խնդիր պուտ մը լոյսի:

«Ու ահա, այս պատկերին հակառակ, ես տեսայ մարդիկը անձնասէր ու եսապաշտ: Հայկական հարազատ կեանքի մէջն իսկ միշտ առնելու ծարաւի, երբեք տալու պատրաստ: «Ուր շահ կայ ու հանգիստ կեանք, հոն է նաեւ հայրենիք: Ի՞նչ պէտքը կայ անծանօթին երթալու՝ ի խնդիր հին իտէալներու եւ ազգային երազներու: Ապաւինինք մեր նոր կեանքին, մեզի տեղ տուած սփիւռքին: Վարժուած ենք մեր տեղին: Ամէն նոր քայլ կը պարունակէ ձախողելու վտանգը եւ ունեցածդ կորսնցնելու սպառնալիքը»:

«Յստակ էր ինծի համար, որ փիլիսոփայելու այս եղանակը ուրիշ բան չէր, բայց եթէ միայն խորունկ վախ մը պարտկելու եւ մարդկային ազատագրումի ճամբան խափանելու վատութիւն: Հապա ինչո՞ւ հիացում կար անոնց վրայ, որոնք նորին տեսիլքը ունին, նոր ճամբաներ կը բանան ու հերոսութեամբ առաջ կ’երթան: Խոր համոզումով հաստատեցի, որ ամէն մարդ պիտի ուզէր հերոսութեան ճամբան ընտրել, եթէ վախը չարգիլէր: Բայց… այդ ճամբուն մէջ ապահովութիւն չկայ, մինչ մեր ունեցածներուն մէջ ապահովութիւն կայ: Դրամ ունինք, դիրք ունինք, վարկ ունինք:

«Ուզեցի ըսել ստորնացեալ համատարած այդ մարդոց։ «Եթէ այն ես, ինչ որ ունիս, եւ եթէ ունեցածդ կորսնցնես, ուրեմն ո՞վ ես: Լաւ գիտցի՛ր, որ ուրիշ ոչ ոք, բայց միայն պարտուած կենդանի մը, կեանքին իմաստը չհասկցած վկայ մը լոկ»:

«Ինչո՞ւ,  ինչո՞ւ վախի ճիրաններուն մէջ բռնուած կը տառապի մարդկութիւնը եւ անոր հետ՝ հայ մարդը։ Որովհետեւ իր հոգիէն դուրս փնտռեց երջանկութեան աղբիւրը: Ես պեղեցի իմ հոգիս եւ հոն գտայ հզօր աստուածութիւն մը, որ կը սպասէր իմ կանչիս, ծառայելու իմ կամքիս: Կար անհատնելի ծով ուժ մը , որ կը սպասէր նոր ճամբու: Ես այն եղայ, ինչ որ մտածեցի իմ մասին: Եղայ անկախ հոգեպէս: Կամենալն ու կարենալը եղան ինծի հոմանիշ:

«Ո՛չ, ո՛չ, կարելի չէր միլիոնաւոր զոհեր տալ եւ վախի ճիրաններուն մէջ բարոյական անզօրութեամբ տուայտիլ: Այդ կը նշանակէր մարդկային ցեղէն չհամարուիլ:

«Մեր մեռելները կը սպասէին, որ ահա, տառապանքը պիտի ծնի ուխտեալներ, մահ հալածող նոր տիպեր, փաստելու համար որ մահ իմացեալ անմահութեան կը տանի:

«Մտածումէս ծնունդ առաւ ցանկութիւնս ու անկէ ալ մեծ ձգտումս՝ կեանքս տալու հայ պայքարին, որ արձակէր ծիլեր ուժգին, նոր եռանդով, անմեռ կամքով»:

«Ես Սագօն եմ, կ’արձագանգեմ ընկերներուս ձայնովն արի ու հաւատքի:

«Իմ երիտասարդ տարիքիս տեսայ ազգս մուրացիկի դիրքին մէջն անվայել: Իրաւունքս էր ըլլալ հպարտ՝ նախահօրս Հայկին պէս: Բայց իմ կեանքս կախեալ մնաց օտարներու յարափոփոխ կամքերէն: Կ’ըսուէր ինծի, յուսա՛ տղա՛ս, այս օրերուն վերջն ալ կու գայ: Յոյսս սակայն որքան կ’աճէր, տկարութեան զիս կը մատնէր:

«Ամէնուրեք մարդիկն յայտնի կը գովէին բարձրաձայն իրաւունքին ուժն անմեռ, բայց խորքին մէջ կ’օգտուէին ուժին բերած իրաւունքէն, իսկ մեզի համար իբրեւ բաժին կը հանէին ազնիւ խօսքեր:

«Ու ես տեսայ հիասթափութիւնը իմ ժողովուրդիս: Համոզուեցայ վերջնականապէս, որ իմ ժողովուրդս որքան որ շատ յոյսեր կապէր օտարին, այնքան աւելի կը ծանրանար իր պատասխանատուութիւնը իր դժբախտութիւններուն համար:

«Հազարաւոր բերաններէ կը լսէի անզօրութեան աղաղակներ, մեր կարողականութեան գնահատումի անճշդութիւններ, քաղաքական դարձդարձիկ հաշիւներ, դիւանագիտական իբրեւ թէ բարձր ու անհատնում մարզանքներ, որոնք կը յանգէին միեւնոյն ու մէկ եզրակացութեան. «Ներկայի պայմանները ձեռնտու չեն մեզի համար, որ անհանգստացնենք աշխարհը: Մենք պէտք ունինք աշխարհին: Մեր թշնամին զօրաւոր է եւ զինակիցներ ունի ամէն կողմ…»:

«Ես դառնօրէն զգացի, որ առաջ քշուած բոլոր պատճառաբանութիւնները երեւութապէս տրամաբանական ըլլալով հանդերձ, չէր յայտարարուէր մեր անզօրութեան պատճառներուն մեծ պատճառը։ Յաղթելու հաւատքին չգոյութի՛ւնը:

«Կը տխրէի իմ հոգիիս խորերէն՝ ի տես եւ ի լուր այն տարօրինակ խանդավառութեան, երբ ամէն անգամ օտարներ խոստումներ կու տային իմ ազգին եւ նոյնքան տարօրինակ յուսալքումին համար, երբ տրուած խոստումները կը դրժէին պարզօրէն:

«Ո՛չ. պէտք էր վերականգնել սեփական ուժի հաւատքը հոգիներու մէջ:

«Վա՜յ անոր, որ տկարութիւն ցոյց կու տայ,

«Վա՜յ անոր, որ կորսնցուցած է կարողութիւնը շեշտակի նայելու թշնամիի աչքերուն,

«Վա՜յ անոր, որ անզօր է աւելի սարսափելի ըլլալու քան թշնամին,

«Վա՜յ անոր, որ միամտութեամբ կը պահանջէ, որ աշխարհը ըլլայ այնպէս, ինչպէս որ ինք կ’ուզէ, եւ ինք չըլլայ այն, ինչ որ աշխարհը կը թելադրէ:

«Տկարը մեղաւոր է, որ տկար է. ա՛յս է աշխարհին դատավճիռը: Կ’արժես այն, ինչ որ ես այսօր: Տառապանքիդ մեծութիւնը կշիռ չունի, այլ կշիռ ունի յաղթելու հաւատքիդ անպարտելիութիւնը:

«Յաղթելու հաւատքս վեր դասեցի կեանքէս ալ ու ինքզինքս ընծայ ըրի այդ աստծուն»:

«Շամիրամի ցանկութեան զոհ՝ Գեղեցիկն Արան չեմ, այլ ուխտուած բանակի մը զինուոր գրուած Լիզպոնի հինգէն մէկն եմ ես: Փոքր տարիքիս Շամիրամը շատ ազդած է վրաս: Անբացատրելի զգացումներու խառնուրդ մը կար անոր սրտին մէջ: Իր ցանկութեան մղումով՝ հրաման տուաւ բանակին. «Գացէ՛ք, կռուեցէ՛ք, մեռցուցէ՛ք որքան կրնաք, բայց չդպնաք իմ Արային»: Այնքան անգութ բոլորին, բայց համակ գութ իր սիրածին:

«Ես վանեցի իմ մէջէն անգթութեան ամէն հետք եւ փարեցայ երկրորդին: Գուրգուրանքը եղաւ իմ քայլերուս կողմնացոյցը: Շուրջս տեսայ հրէշային ուղեղներ, որոնցմէ միշտ ատելութիւն կը ծնէր: Անոնց համար մահ էր պէտք, անհատնում մահ, որպէսզի ատելութիւնն իրենց ապրէր:

«Գուրգուրացի կեանքին վրայ իմիններուս: Տեսայ շուրջս պատանիներ՝ շարան-շարան դպրոց կ’երթան: Խաղաղութեան խաբկանքին մէջ պիտի մեծնան՝ անգիտակից մեր պարտութեան: Ապրելու ցանկութիւնն անոնց մեծ էր թէեւ, ճշմարտութիւնն այն էր սակայն, որ իբրեւ հայ, կեանքն անոնց կամաց-կամաց մահուան կ’երթար: Այդ վտանգին ազդալոյսի նշան չկար: Ամրօրէն հաւատացի, գուրգուրանքիս խորունկէն, որ խիզախ մահուան ցնցումը միայն կ’ըլլար լծակ փրկութեան: Ու իմ կեանքս ես տուի գուրգուրանքիս ջերմութեան:

«Ահաւասիկ հեքիաթը մեր, մենք պատմեցինք ձեզի այսօր: Վերջին խօսքն ալ լսեցէ՛ք ու ձեր մտքէն մի՛ հանէք։

«Ինքնատպութիւնն մեր հեքիաթին Լիզպոնի, որպէսզի յար չկորչի ու անաղարտ միշտ պահուի, հայութիւնն իմ սիրելի, կրկնելէ զայն խուսափի…

«Մենք մեր մահով ուզեցինք կեանք տալ հայ պայքարին,

«Դուք ձեր կեանքով զայն հասցուցէ՛ք յաղթանակի դափնիին»:

Ընդհանրապէս հեքիաթասացները իրենց հեքիաթի աւարտին սովոր են կրկնել ծանօթ ասոյթը.

«Երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ»:

Անսովոր հեքիաթ մըն է սակայն Լիզպոնը: Սկիզբ չունեցող եւ վերջ չունեցող հեքիաթ մը  եւ այդպէս ալ պիտի մնայ: Ինծի պէս քանի հեքիաթասացներ ալ փորձեն պատմել զայն, միշտ պիտի մնայ չպատմուած բաժին մը, որովհետեւ երկինքէն երեք խնձորներ չինկան, այլ Հայ Յեղափոխական Բանակի հինգ ողջակէզներ իրենց արիւնով փաստեցին անսահմանելիութիւնը ազատութեան մեծ տեսիլքին:

Միհրան Քիւրտօղլեան