Արեւ ու Լուսին

Բնութեան մէջ ամէն բան երկբնոյթ է. ե՛ւ վատ, ե՛ւ լաւ է. ե՛ւ յարձակող, ե՛ւ գգուող է… անձրեւը, որ բերքառատութիւն կը պարգեւէ, կրնայ մէկ ակնթարթի մէջ յեղեղիլ եւ սրբել ամէն բան, տարածել մահ ու աւեր… կրակը, որ մեզ կը պաշտպանէ ցուրտէն ու վայրի գազաններէն, կրնայ նաեւ այրել ու մոխրացնել ամէն բան… շարքը դո՛ւք շարունակեցէք… Մարդկային մտքին համար անհրաժեշտ է հասկնալ ամէն բանի էութիւնը, հաշտուիլ անոր հետ, իսկ խորհրդանիշները ամէնէն մատչելի միջոցներն են իրականացնելու այս մէկը։ Առաջին ու ամէնէն դիւրին ըմբռնուող խորհրդանիշները Արեւն ու Լուսինն են, մեր կեանքին տիրապետող երկնային մարմինները, որոնց մարդկութիւնը նայած է հազարամեակներ շարունակ։

Յարափոփոխ լուսինը յաջողեցաւ ըլլալ մարդկութեան առաջին օրացոյցը։ Անոր փուլերը կը խորհրդանշեն կեանքի մէջ տիրող փոփոխականութիւնը։ Լուսինը նաեւ առնչուեցաւ իգական աստուածութեան հետ, որովհետեւ իգականն ալ փոփոխական է ու անկայուն. այսպէս՝ նոր մահիկը դերահաս աղջնակն է, անմեղ ու իր կարողութիւններու կատարելութեան չհասած, սակայն շրջապատին քաղցրութիւն ու յոյս հաղորդող, ապա կու գայ լիալուսինը՝ կինը, որ կատարեալ է եւ կրնայ բեղմնաւորուիլ։ Լիալուսինին կը յաջորդէ մեռնող մահիկը՝ տարեց մամիկը, որ կորսնցուցած է նոր կեանք ստեղծելու կարողութիւնը, անգամ մը եւս դերահաս աղջնակին պէս ամբողջական չէ, սակայն կը շարունակէ վայելել երկինքին մէջ իր բարձր դիրքը, իբրեւ իմաստուն մայրիկ։ Կարելի չէ նաեւ անտեսել այն փաստը, որ հասուն կնոջ մը բեղմնաւորուելու ունակութիւնը կախեալ է 28 օր տեւող շրջաններէ՝ «Լուսնի փուլ»երը, լուսնային ամիսն ալ նոյն տեւողութիւնը ունի եւ լիալուսինը կ’ամբողջանայ ճիշդ կիսուն՝ 14-րդ օրուան։ Նոյնիսկ ամէնէն նախնական մարդը չէր կրնար չնկատել լուսնին նմանութիւնը մարդկային իգականութեան հետ, եւ այսպէս կը ստեղծուի առաջին խորհրդանիշը։

Լուսինին դէմ ունինք Արեւը, անփոփոխ, միշտ ծագող ու մարող՝ կանոնաւոր ընթացքով։ Արեւու պաշտամունքը շուտով պիտի կապուէր արական աստուածութեան հետ, որովհետեւ ան ալ կը նմանի տղամարդուն։ Դերահաս պատանին արբունքի շրջանին հասնելէն՝ արեւածագէն ետք, մեծ փոփոխութիւններ չի կրեր, կը մնայ նոյն տղամարդը մինչեւ մայրամուտ՝ ծերութիւն ու մահ։ Արեւու տաքութեան մէջ մարդը գտաւ իր առնականութեան տաքարիւնութիւնը, յարձակողական, նախաձեռնող ու եռանդուն բնոյթը։ Հոս շատ բացատրելու կարիք ալ չկայ, որովհետեւ տղամարդու բնոյթը պարզ է ու յստակ՝ Արեւու նման, իսկ կեանքի մէջ անոր քալած ճամբան դոյզն փոփոխութիւններու հազիւ թէ ենթարկուի, ինչպէս արեւուն ճամբան երկնակամարին վրայ։ Միամտաբար մարդիկ այս փոփոխութիւնն ու կայունութիւնը կը կապեն տղամարդոց ու կիներու բնաւորութիւններու տարբերութիւններուն հետ, ինչ որ այդքան ալ ճիշդ մօտեցում պիտի չըլլար։ Բնաւորութեան տարբերութիւնը զուտ անձնական խնդիր է։ Բոլոր կիները փոփոխամիտ ու զգացական չեն, ինչպէս որ բոլոր տղամարդիկ հաստատամիտ ու կայուն չեն։ Սակայն ֆիզիոլոճիք ճակատագիր մը կայ, որ կիներուն կը պարտադրէ կեանքի մէկ փուլէն միւսը անցնիլ լուրջ փոփոխութիւններով եւ խաղալ զանազան դերեր, ըլլալ դուստր ու քոյր, կին ու սիրուհի, ընկերուհի, մայր ու մեծ մայր, մինչ այդ տղամարդոցմէ կը պահանջուի ըլլալ միայն տղամարդ (առանց թերագնահատելու իսկական տղամարդ ըլլալու պահանջներուն ստեղծած ճնշումն ու խաղացած կարեւոր դերը ընկերային կայունութեան մէջ)։

Նախնական խորհրդանիշները եղան արեւն ու լուսինը, սակայն ժամանակի ընթացքին անոնցմէ իւրաքանչիւրը նաեւ ունեցաւ իրեն յատուկ խորհրդանիշները՝ կենդանական աշխարհէն։ Լուսինը առնչուեցաւ եզան հետ, անոր մահիկաձեւ կոտոշները նկատի առնելով, իսկ անոնց մէջտեղի պարապութիւնը կը ներկայացնէ այն երեք օրերը, որոնց ընթացքին լուսինը կ’անհետանայ։ Մայր աստուածութեան ընդհանրացած խորհրդանիշներուն մաս կը կազմեն եզան կոտոշները՝ մէջտեղը կլորով մը, լիալուսինը, այսպէս ամփոփելով լուսնային ամսուան բոլոր փուլերը։ Լուսնի խորհրդանիշներէն է նաեւ օձը, որ կաշին փոխելով կը վերանորոգուի՝ ինչպէս լուսինը ամէն ամիս կը վերանորոգուի։ Հնագոյն խորհրդանիշներէն է նաեւ ինքնիր պոչը խածնող օձը, որ կեանքի սկիզբն ու աւարտը կը խորհրդանշէ։ Բազմաթիւ ազգերու մօտ տիեզերքի խորհրդանիշ եղած է։

Միւս կողմէն, արեւը յաճախ կը ներկայացուի առիւծով, անտառի արքան, որուն ոսկեգոյն բաշերը արեւու փայլուն շողերը կը յիշեցնեն, իսկ խորխտ քայլուածքն ու հպարտ կեցուածքը կ’ամփոփեն առնականութեան ամէնէն վսեմ յատկութիւնները։ Արեւու խորհրդանիշներէն է նաեւ արծիւը, միակ թռչունը, որ իր ճախրանքով կը մօտենայ երկնային բարձրունքներուն, արեւուն պէս կ’ապրի միայն ամենաբարձր դիրքերուն վրայ։ Ուշագրաւ է նաեւ արծիւին սրատեսութիւնը, չէ՞ որ արեւ աստուածն ալ իր սրատես աչքով բարձունքէն կը վերահսկէ իր արարածներուն վրայ։ Սրատեսութիւնը նաեւ ունի մտքի՛ սրատեսութեան ու պայծառատեսութեան իմաստը։ Յովհաննէս աւետարանիչը նաեւ կը պատկերուի արծիւի ընկերակցութեամբ, որովհետեւ ան էր, որ իր մտքի ուժով կրցաւ թափանցել աստուածային սիրոյ խորհուրդին խորքերը։

Մայր իշխանութենէն հայր իշխանութեան անցումի շրջանէն մեզի մնացած են խորհրդանիշներ, որոնք մինչեւ օրս գործածական են. առիւծի եւ եզան կռիւը, ինչպէս նաեւ արծիւի յարձակումը օձին վրայ։ Վերջին պատկերը տակաւին կը գործածուի, նոյնիսկ կը ներկայացնէ Մեքսիքոյի ազգային զինանշանը։ Սակայն առիւծ-եզ կռիւէն այսօրուան զինանշաններուն ու դրօշակներուն վրայ մնացած է միայն յարձակողական դիրքով, թաթերը վեր առած ու բերանը բաց առիւծը։ Մայր իշխանութիւնը պարտուած  ու սրբուած է ամբողջովին։

Արեւ ու Լուսին հակադրութիւնը նաեւ ունի այլ խորք։ Նախապէս անդրադարձանք Լուսնի փոփոխականութեան եւ Արեւու կայունութեան։ Այդ պատճառով ալ Արեւը եղաւ անմահութեան խորհրդնիշը, չվերջացող ժամանակը, որ կը դառնայ, սակայն սկիզբ ու վերջ չունի։ Հայկական խորհրդանիշներուն մէջ անմահութեան նշանը արեւածաղիկի կորիզին պատկերն է։ Լուսինը, սակայն փոփոխական է. մերթ ներկայ է, մերթ՝ բացակայ, մերթ կատարեալ է, մերթ՝ անկատար… Այլ խօսքով Արեւն ու Լուսինը կը խորհրդանշեն ժամանակի երկու տարբեր երեսները՝ անմահն ու մեռնող-յարնողը, կայունն ու փոփոխականը, իսկ մեր կեանքը այս երկուքին միջեւ կախուած ու օրորուող ժամանակն է։ Այս պահուս կը վերյիշեմ Ռաֆայէլ Արամեանի «Աւերուած Քաղաքի Պարիսպների Տակ» գրութեան մէկ հատուածը, ուր գրողը կը նկարագրէ Անիի աւերուած եկեղեցիներէն մէկուն պատին փորագրուած անմահութեան խորհրդանիշը եւ անոր քով զետեղուած Արեւու ժամացոյցը, թէ ինչպէ՛ս այս երկուքը իրենց անվերջ գոյութեան ընթացքին իրարու մարտահրաւէր կ’ուղղեն, իւրաքանչիւրը հաւատալով, թէ ի՛նք է ժամանակի իսկական պատկերացումը, առանց անդրադառնալու, որ իրենց վէճով է, որ ժամանակը կը թաւալի իր կայուն ու փոփոխական հունով…

Յուշիկ Ղազարեան