«Երկիր».-Անգարայի Չանքայա շրջանին մէջ Թուրքիոյ մէջ Պելառուսի դեսպանատան վարչական հարցերու ղեկավար Ալեքսանտր Պոկանշեւ զինեալ յարձակումի ենթարկուած է: Ան ծանրօրէն վիրաւորուած եւ անմիջապէս հիւանդանոց փոխադրուած է:
Յարձակումէն վերջ յանցագործը ինքնասպան եղած է: Ապա ի յայտ եկած է, որ կրակողը պելառուսցի դիւանագէտի դրացին էր, որ պաշտօնազուրկ զինուորական մըն էր:
Դէպքին արձագանգած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն ըսելով. «Հետաքննութիւն կ’ընթանայ: Ներքին Գործոց Նախարարութեան համաձայն, այդ յարձակումին պատճառը կենցաղային վէճ եղած է: Որեւէ քաղաքական, կամ այլ պատճառներ չկան»:
Չաւուշօղլուն յայտնած է, որ դիւանագէտի վրայ կրակած են 4-5 անգամ: Իսկ Պելառուսի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտնած է, որ զինեալ յարձակում իրականացուցած անձը հոգեկան հարցեր ունեցած է:
Յիշեցնենք, որ ասիկա առաջին դէպքը չէ, որ Թուրքիոյ մէջ յարձակման կ’ենթարկուի օտարազգի դիւանագէտը: 19 Դեկ. 2016-ին Թուրքիոյ մէջ սպանուած էր Ռուսաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անտրէ Քարլով: