«Երկիր».-Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Լեյլա Ապտուլաեւան անդրադարձած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանի` ԼՂ  հակամարտութեան մասին վերջին յայտարարութիւններուն:

Անոր համաձայն, իրենց դիրքորոշումը ԼՂ հայկական համայնքին` բանակցութիւններուն մասնակցելու առումով, բազմիցս հնչած է:

«Մենք կը կրկնենք, որ բանակցութիւնները կ’ընթանան հակամարտութեան մասնակիցներու` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, իսկ հայկական եւ ատրպէյճանական համայնքները կրնան ներգրաւուիլ բանակցութիւններու որոշակի փուլի մը մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի բոլոր մասնակցիներու համաձայնութեան պարագային», ըսած է ան, ապա աւելցուցած է, որ ԼՂ կարգավիճակը կրնայ  դիտարկուիլ հայկական եւ ատրպէյճանական համայնքներուն կողմէ, երբ ատրպէյճանական բնակչութիւնը վերադառնայ իր տունը:

«Պէտք է ափսոսանքով աւելցնեմ, որ այսօր բացայայտօրէն Հայաստանի ղեկավարութիւնը մէկ կողմ կը խօսի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութեան մասին, միւս կողմէն` անթաքոյց կը հրամայէ սպանել ատրպէյճանցիները», ըսած է Ապտուլաեւան: