Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան Ուրբաթ, 26 Յուլիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 11:30-ին Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս հանդիպում ունեցաւ Ազգային վարժարաններու պատասխանատու կազմերուն հետ:

Հանդիպումին ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ Գուրգէն Գալուստեան եւ Պետրոս Յովհաննէսեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդի, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Խնամակալութեան, Ազգ.Միացեալ վարժարանի Հոգաբարձութեան կազմերը եւ տնօրէնները:

Սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթելէ ետք, շեշտեց կրթական համակարգէն ներս գործողներուն եւ ի մասնաորի կրթական մշակներուն կարեւոր դերը նորահաս սերունդի ազգային եւ ընկերային առողջ դաստիարակութեան գործընթացին մէջ, գիտական եւ ուսումնական առաքելութեան կողքին: Ապա շեշտեց, որ երկրիս դիմագրաւած ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ իւրաքանչիւրիս պարտաւորութիւնն ու պարտականութիւնն է ըլլալ մեր շրջապատին ու գաղութին յոյս ներշնչողն ու յառաջընթացը ապահովողը:

Այնուհետեւ խօսք առին վերոնշեալ կազմերու ատենապետներն ու տնօրէնները, որոնք շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպման այս առիթին ընծայման համար, ներկայացուցին իրենց բնագաւառէն ներս տարուող աշխատանքներն ու դիմագրաւուած դժուարութիւնները:

Հանդիպումը ընթացաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, ներկաները շեշտեցին միասնակամ ճիգերով եւ համագործակցութեամբ ու լաւատեսութեամբ դժուարութիւնները յաղթահարելու, ուսումնական բնագաւառը բարելաւելու եւ ազգային գիտակցութեամբ օժտուած սերունդներ պատրաստելու կարեւորութիւնը: