Ուրբաթ, 26 Յուլիս 2019-ի առաւօտեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Տնտեսական Խորհուրդը այցելեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, շնորհաւորեց սրբազանը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր առաքելութեան:

Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, սրբազան հայրը գնահատեց Տնտեսական Խորհուրդին տարած աշխատանքը՝ յատկապէս պատերազմի տարիներուն, եւ համայնքի վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ տնտեսական ծրագրերու կարգաւորումը կարեւոր համարեց:

Հանդիպումը, որուն ներկայ էին նաեւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները, առիթ հանդիսացաւ զրուցելու տնտեսական ներկայ դժուարութիւններու յաղթահարման միջոցներուն շուրջ: