Ուրբաթ, 26 Յուլիս 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ.Մասիս Եպս. Զօպուեան, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընդունեց Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը: Քահանայ հայրեր, Թաղական Խորհուրդի, Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի, Աղքատախնամ Կազմի եւ Դպրաց Դասի ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին նորընտիր թեմակալ առաջնորդը, մաղթելով արեւշատութիւն եւ բեղուն առաքելութիւն: Ծանօթացման բարեպատեհ առիթ հանդիսացաւ մտերմիկ հանդիպումը: Ներկաները իրենց տարած եկեղեցանուէր աշխատանքին մասին ակնարկութիւն կատարեցին, եւ իրենց հետագայ ծրագրերը ներկայացուցին:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատական արտայայտութիւններով խրախուսեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ընտանիքը, մաղթելով աննկուն կամք, անսպառ եռանդ, աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր ծառայութիւն: Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ վերանորոգ թափով գործելը եւ լաւատեսութեամբ ընթանալը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւններ են, որոնցմով նպատակակէտ հետապնդելը եւ դժուարութիւնները յաղթահարելը կարելի կը դառնան:

Աւարտին, ներկաները սրբազան հօր օրհնանքը ստացան:
«Թագաւոր երկնաւոր զեկեղեցի քո անշարժ պահեա»: