«Երկիր».-36 տարի առաջ հինգ հայ երիտասարդներ ցնցեցին աշխարհը` գրաւելով Լիզպոնի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան շէնքը: Գործողութիւնը պարզապէս «խենթութիւն» կամ արկածախնդրութիւն չէր, կարեւոր նպատակ ունէր` միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռել Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին:
Վաչէ Տաղլեան, Սեդրակ Աճէմեան, Սիմոն Եահնէեան, Արա Քրճալեան եւ Սարգիս Աբրահամեան…
դեսպանատան զինուորին հետ բախում ունեցան, դրան շեմին ինկաւ անոնցմէ մէկը` 21-ամեայ Սիմոն Եահնէեանը, իսկ միւս չորսը յաջողեցան մտնել դեսպանատան տարածք եւ իրականացնել երկու պայթում:
Հայրենասիրութիւն սորվեցնող` ողբերգական ելք ունեցող արարքը չէ մոռցուած, եւ 27 Յուլիսին, Յակոբ Պարոնեանի անունը կրող երաժշտական կատակերգական թատրոնին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը յուշ երեկոյ կազմակերպած է` կրկին ոգեկոչելու յանուն հայրենիքի ու Հայ Դատի համար իրենց կեանքը զոհաբերած մարտիրոսները։
ՀՅԴ-ՀԵՄ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան Yerkir.am-ի հետ ունեցած իր զրոյցի ընթացքին ըսաւ.«Երիտասարդ տարիքին այս գործողութիւնը իրագործած տղաքը իրենց համարձակ քայլով համաշխարհային հանրութեան յիշեցուցին, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անհերքելի փաստ է, եւ անոր բեռը նաեւ անոնց ուսերուն վրայ է: 1983 թուականին տեղի ունեցող այս գործողութենէն յետոյ բազմաթիւ երկիրներ ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Լիզպոնեան հնգեակի սխրագործութիւնը օրինակ դարձաւ բազմաթիւ երիտասարդներու համար, որոնք շարունակեցին անոնց պահանջատիրութեան երթը` Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած գործընթացէն մինչեւ Արցախեան պատերազմ»:
Ան տեղեկացուց, որ յուշ երեկոյի ընթացքին պիտի ըլլան ելոյթներ, բեմադրութիւն, պիտի հնչեն ազգային երգեր: Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինի վերակացուն եւ ղեկավարն է Արթուր Սահակեան: