ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
Կազմակերպութեամբ՝
ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան, Կիրակի՝ 28 Յուլիսի առաւօտեան, Գոքինիոյ
«Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին Լիզպոնի տղոց յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ:
Հրաւիրուած են բոլոր հայրենակիցները յարգելու համար քաջարի հինգ հայորդիներու անձնազոհութեան վեհ արարքը
եւ անոնց անմար յիշատակը:
ՀՅԴ Յունաստանի Երիտ. Միութեան Կեդր. Վարչութիւն