«Քանի որ հայ ծնած եմ, ժամանակ չունիմ անհատական կեանքիս մասին մտածելու: Եթէ դատ ունեցող ժողովուրդի մը զաւակը չըլլայի, այդ պարագային կը մտածէի վայելքներու մասին».
Արա Քրճալեան
«Շատ հպարտ եմ, որ հայ ծնած եմ, որովհետեւ հայ պիտի մեռնիմ: Շատ ուրախ եմ այս գործողութեամբ: Հիմա մեր ապրած կեանքը իսկապէս որ կեանքէ զատ՝ ամէն ինչի կը նմանի: Կ՚ապրինք ուրիշին տիրապետութեան տակ, ուրիշին խամաճիկներն ենք».
Սիմոն Եահնէեան
«Ինչպէս որ երգը կ՚ըսէ. «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»: Այո՛, մենք խենթեր ենք, բայց չակերտեալ խենթեր։ Եկէ՛ք, միացէ՛ք մեզի։ Կը հաւատամ, որ կը տիրանանք մեր հայրենիքին».
Սարգիս Աբրահամեան
«Ես բնական մահով պիտի չմեռնիմ. զոհը պիտի չըլլամ ճակատագրի խաղերուն: Ես Հայ Դատի զինուոր եմ. կեանքս պիտի զոհեմ այդ ճամբուն վրայ».
Վաչէ Տաղլեան
«Մենք առաջինները չենք, որ կը քալենք, մեզմէ առաջ շատեր քալած են եւ կը յուսամ, որ մեզմէ աւելի լաւերն ալ պիտի գան, մեզմէ աւելի գործեր պիտի ընեն».
Սեդրակ Աճեմեան։
Այսօր՝ 27 Յուլիսին, կ’ամբողջանայ Լիզպոնի 5 հերոսներու անձնազոհութեան 36-րդ տարելիցը։
Աշխարհի ուշադրութիւնը Հայ Դատին սեւեռելու նպատակով 27 Յուլիս 1983-ին Հայ Յեղափոխական Բանակի հինգ անդամներ` Վաչէ Տաղլեան, Սեդրակ Աճեմեան, Սիմոն Եահնէեան, Արա Քրճալեան և Սարգիս Աբրահամեան, մտան Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի թրքական դեսպանատուն:
Դեսպանատան զինուորին հետ բախումի ընթացքին դրան շեմին ինկաւ անոնցմէ մէկը՝ 21-ամեայ Սիմոն Եահնէեանը, իսկ միւս չորսը յաջողեցան մտնել դեսպանատան տարածք եւ իրականացնել երկու պայթում:
Լիզպոնի հերոսները տղաքը իրենց անձնազոհ արարքով ապացուցեցին, որ իրենց նպատակը ամենեւին ահաբեկչութիւն չէր, այլ նուիրաբերում հայոց արդարացի դատին: Երիտասարդ տարիքին այս գործողութիւնը իրականացուցած տղաքը իրենց համարձակ քայլով համաշխարհային հանրութեան յիշեցուցին, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անհերքելի փաստ է, եւ անոր բեռը նաեւ անոնց ուսերուն վրայ է: 1983 թուականին տեղի ունեցած այս գործողութենէն յետոյ բազմաթիւ երկիրներ ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այդ գործողութիւնը ինքնաբուխ խենթութիւն կամ պարզապէս հինգ երիտասարդներու ծրագիր չէր: Հայ Յեղափոխական Բանակի գործողութիւնը մաս կը կազմէր Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարին: Զինեալ պայքարին վերադառնալու որոշում առնուեցաւ, երբ բոլոր դիւանագիտական տարբերակները արդէն սպառած էին, սակայն այդպէս ալ ոչ մէկ յառաջընթաց չէր գրանցուած հայ ժողովուրդի ձայնը լսելի դարձնելու գործին մէջ:
«Թող համաշխարհային հանրային կարծիքը մեզ արկածախնդիրներ, ոճրագործներ կամ ահաբեկիչներ կոչէ: Մեր հոգը չէ: Այս անձնասպանութիւն չէ. ոչ ալ խելագարութեան արտայայտութիւն մը, այլ մեր զոհաբերումը ազատութեան խորանին:
Կեցցէ՛ ազատենչ հայ ժողովուրդը:
Կեցցէ՛ հայկական յեղափոխութիւնը», այս տողերը հինգ հերոսներու վերջին խօսքերը եղած են:
Հերոս որդիներ ծնած ծնողները հետագային պիտի ըսէին.
«Ա՜խ, որքան յուզուեցայ, երբ Սագոյին ընկերները մէկ առ մէկ ձեռքս սեղմելով կ՛ըսէին. «Տարոսը մեզի, մայրի՜կ։ Մենք ալ պիտի հետեւինք մեր հերոսներուն օրինակին»».
Սարգիս Աբրահամեանի մայրը՝ Մարի Աբրահամեան։
«Ես հպարտ եմ, որ առանց գիտնալու հերոս մը մեծցուցի, բայց կը ցաւիմ, որ շատ զաւակներ չեմ ունեցած՝ ուրիշ զինուորներ ալ տրամադրելու համար իմ ազգիս».
Արա Քրճալեանի մայրը՝ Հեղինէ Քրճալեան։
«Հայ ֆետային երբե՛ք չէ յուսահատած։ շատ նահատակներ տուած ենք եւ դեռ պատրաստ ենք աւելին ալ զոհելու եւ զոհուելու, մինչեւ որ հասնինք մեր նպատակին: Թերեւս ես չտեսնեմ այդ օրը, կամ դուք չտեսնէք, բայց… այս է մեր փշոտ ճամբան։ Մենք պէտք է որ զոհուինք, որպէսզի մեր ապագայ սերունդը ապրի ».
Վաչէ Տաղլեանի հայրը՝ Նազար Տաղլեան։
«Սեդոյին ու իր չորս ընկերներուն յիշատակը միշտ արթուն պահելու լաւագոյն ձեւը՝ անոնց հետապնդած նպատակներուն շուրջ բոլորուիլն է, որպէսզի անոնց վառած ջահը մի՛շտ վառ մնայ եւ փոխանցուի սերունդէ սերունդ՝ մինչեւ վերջնական յաղթանակ».
Սեդրակ Աճեմեանի հայրը՝ Օնիկ Աճեմեան։
Հայ մեծանուն բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազը հինգ հերոսներուն մասին հետագային կը գրէ.
Յիշէ՛ք, հայեր, բալիկներուդ՝
Դեռ ծիլ ընկած գալիքներուդ,
Որ քեզ ամառ պիտի տային,
Բայց կէս ճամբին ընկան կիսատ՝
Դեռ չտեսած հողն Արարատ:
Յիշէք, հայե՛ր, ընկողներին,
Որ չհասած մեր հողերին,
Ընկան հինգն էլ ի սէր հայոց՝
Մեր հինգ միլիոն զոհուած որդոց,
Որ գեր-ձորում ընկած են դեռ՝
Հայ վրէժի յոյսով անմեռ:
Եկ գովք անենք հայ քաջերին
Խենթ սրտին էլ ընդդէմ դարի,
Յիշէ՛ք հայեր, ինչպէս Տիզպոն,
Երէկ Տիզպոն, այսօր Լիզպոն,
Եկ, դիմացիր, ազգ իմ զգօն
Հինգ հայդուկին այս երգեհոն,
Եկ, որ Վարդանն Աւարայրի
Անէծք դառնայ թուրքին վայրի:
Յիշէք, հայե՛ր, որ վայր ընկան
Անվերադարձ մահով, սակայն,
Սարգիս Սեդրակ, Արա Սիմոն,
Ինքը՝ Վաչէն՝ հանց երգեհոն,
Մեզ կը կանչեն ու գան պիտի
Ի սէր, գերուած Արարատի,
Ի սէր հայոց մայր հողերուն՝
Ընդդէմ հողաց թուրք գողերուն:
Որ Հայաստանն իմ խլեցին,
Մեզ վրէժը լոկ թողեցին.
Երէկ Տիզպոն,
Այսօր Լիզպոն,
Հայն է զոհւում հորիզոնից մինչ հորիզոն:
Չենք մոռանում Եղեռնը մեծ,
Որ հայ արեան ծովը խմեց,
Քարը թողեց վերապրողին,
Թուրքն է ապրում, այն էր՝ հողին,
Խամրեց արեւն ողջ հայութեան:
Յիշե՛նք, հայեր Եղեռն համայն,
Որ մեր ազգի ծուծը խմեց,
Աշխարհասաստ Եղեռնը մեծ: