Արդէն աւելի քան 60 տարի անցեր է Շահան Պէրպէրեանի մահուան թուականէն։

9 Հոկտեմբեր 1956-ին, մինչ Պէյրութէն Փարիզ գացեր էր՝ ամառնային իր արձակուրդն անցընելու ընտանիքին մօտ, սրտի սուր տագնապի մը զոհ կ’երթար Անթիլիասի Դպրեվանքին իմաստասիրութեան անկրկնելի ուսուցիչը՝ հոգեբան, արուեստաբան ու կրթական երկարամեայ մշակ Շահան Պէրպէրեան, որդին՝ պոլսահայ մեծանուն դաստիարակ ու Պէրպէրեան համբաւաւոր վարժարանի հիմնադիր-տնօրէն Ռեթէոս Պէրպէրեանի։

Աւելի քան վե՜ց տասնամեակ…։ Քիչ մը անհաւատալի է այս երկար ժամանակամիջոցը, որովհետեւ ինծի կը թուի թէ դեռ երէկ էր՝ երբ գրատունէ մը գներ էի այս հեղինակին «Գեղագիտութիւն Եւ Գեղարուեստ» հաստափոր հատորը, տուն բերեր էի զայն ու անձնատուր եղեր հաճելի ընթերցանութեան մը։ Հեղինակը ««ողջ» կը սեպուէր ինծի համար, կամ գոնէ ժամանակակից մը։

Կանաչաւուն փայլուն կողքով այդ գիրքը հիմա՛ ալ գրադարանիս մէջ է։

Վար կ’առնեմ զայն ու կը նայիմ անուանաթերթին։ Լոյսին բերուած է Պէյրութ, Տօնիկեան հրատարակչատունէն, 1975-ին։ Ուրեմն՝ 44 տարի առաջ։

Օ՜, ես այդ շրջանին նախակրթարանի առաջին կարգերու երեխայ մըն էի ու անկարելի է որ ափերուս մէջ գիրք մը ունենայի վերոնշեալ «մե՜նծ» տիտղոսով…։ Պարզ է ուրեմն.- գիրքը գնած ըլլալու եմ հրատարակութեան թուականէն շատ ուշ, առնուազն 10-12 տարի ետք, ութսունականներուն։

Այդ երջանիկ տարիներուն՝ վերոնշեալ գիրքը կարդացած եմ հաւանաբար առանց հարկաւոր կարեւորութիւնը ընծայելու հեղինակին ինքնութեան։ Շահան Պէրպէրեա՞ն։ Շահագրգռուած չէի այդ անունով։ Ինծի համար կարեւորը հատորին բովանդակութիւնն էր լոկ։

Քանի կը սահին-կ’անցնին տարիները, մեր ալ շահագրգռութիւնները երբեմն կը փոխուին, հուն կը փոխեն։

Անցեալները, երբ կը մտմտայի հայկական արական անուններու վրայ, յանկարծ իմ մտքին կառչեցաւ ՇԱՀԱՆ անունը։ Ու որպէս մտքի մարզանք՝ փորձեցի մի առ մի մտաբերել այն բոլոր «Շահան»ները, որոնք տեղ մը ունեցած էին կամ ունին մեր ազգային-գրական ու տոհմիկ ապրումներուն մէջ։ Նախ յիշեցի Ներսէս Շնորհալի հայրապետին եղբայրներէն մին՝ Շահան զօրավարը, որ հայրն էր Գրիգոր Զ. Ապիրատ կաթողիկոսին (1194-1203)։ Ապա յիշեցի եդեսացի քերականագէտ ու հայկաբան Շահան Ջրպետը (1772-1837), որ ԺԹ. դարու սկիզբները հայագիտական ամպիոն մը հաստատեց ու ղեկավարեց Փարիզի մէջ եւ լեզուաբանական գիրքեր հրատարակեց։ Յետոյ անմիջապէս ոստում մը կատարեցի դէպի մեր ժամանակները ու հերթաբար մտաբերեցի ազգային գործիչ Շահան Նաթալին, Ֆրանսահայ գրող Շահան Շահնուրը, բարձրաստիճան եկեղեցականներ Շահան արք. Սվաճեանն ու Շահան արք. Սարգիսեանը, ամերիկահայ դաշնակահար Շահան Արծրունին«Ազդակ»ի այժմու խմբագիր Շահան Գանտահարեանը…։ Ու ամէնէն վերջն ալ՝ Շահան Պէրպէրեանը։

Բայց ի՞նչ կը նշանակէր «Շահան»։

Այս հարցումին պատասխանը որմէ՞ կրնայի ստանալ, եթէ ոչ Հրաչեայ Աճառեանէն։

Անոր «Հայոց Անձնանունների Բառարան»ը կ’ըսէր, որ այս անունը կրճատուած տարբերակն էր «Շահանշահ» անունին, որ պարսկական ծագում ունի անշուշտ եւ կը նշանակէ «թագաւորաց թագաւոր, արքայից արքայ»։

Հիմա, երբ յստակ է ա՛լ «Շահան» բառին իմաստը, կ’արժէր որ կեդրոնանայինք վերոյիշեալ Շահաններէն գէթ մէկուն վրայ։

Ու ես կ’ընտրեմ իմ հին «ծանօթ»ը՝ Շահան Պէրպէրեանը։

 

 

ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՊՐԻԼ ՄԵՐ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Շահան Պէրպէրեանը կրնանք նկատել անմոռանալի ուսուցիչ մը։

Ան, բարեբախտաբար, մաս չի կազմեր փաղանգին սփիւռքահայ անբախտ այն ուսուցիչներուն, որոնք իրենց մահէն ետք տակաւ առ տակաւ մոռցուեցան, աղօտ յուշ մը դարձան, ի վերջոյ լրիւ չքանալով՝ իրարայաջորդ սերունդներու մտածումին ու ապրումներուն մէջէն։

Իր մահէն աւելի քան վաթսուն տարի ետք ալ՝ այսօր, շատեր կը յիշեն ու կ’արտասանեն Պէրպէրեանի անունը, առանց նոյնիսկ անոր աշակերտած ըլլալու, առանց զայն անձամբ ճանչնալու։ Այսօրուան հայ մարդը եթէ քիչ-շատ գրասէր է, եթէ գիրքի ու թերթի բարեկամ է, եթէ գրադարան մը ունի իր տան մէջ, եթէ հայագիտական որոշ հետաքրքրութիւններ ունի, կամ եթէ կը սիրէ պրպտել մեր մօտիկ անցեալն ու ճանչնալ անոր դերակատարները, ուրեմն՝ Շահան Պէրպէրեանի անունը ծանօթ է իրեն։

Պատճառը, կը խորհիմ, անոր գիրքերն են։

Արդարեւ, Պէրպէրեանի անունով հրատարակուած գիրքերու շարքը, իմաստասիրական ու հոգեբանական գիտութեանց վրայ իր լայն սեւեռումներով, թէ՛ իւրայատուկ է, թէ՛ անմրցելի՝ իր կալուածին մէջ։ Այդ գիրքերը մինչեւ այսօր կ’օգտագործուին դպրեվանքերու կամ հայագիտական-մանկավարժական հիմնարկներու մէջ իբրեւ դասագիրք, ու այդպիսով՝ կը շարունակեն մնալ իրարայաջորդ սերունդներու մտածումին մէջ։

Շահան Պէրպէրեան (1891-1956), ահա այսպէս, դեռ կ’ապրի մեր յիշողութեան մէջ, այնպէս ինչպէս շատերու յիշողութեան մէջ դեռ կը շարունակէ իր մասնաւոր տեղը գրաւել անոր հայրը՝ կրթական մեծանուն գործիչ ՌԵԹԷՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԸ (1848-1907)։

Դուք չէ՞ք լսած Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանի մասին։ Գիշերօթիկի բաժինով օժտուած՝ մանչերու յատուկ դպրոց մըն էր անիկա։ Քանի՜-քանի՜ համբաւաւոր գրողներ նստեր են Սկիւտարի մէջ հաստատուած այդ եզակի կրթարանին գրասեղաններուն ետին,- Վահան Թէքէեան, Լեւոն Բաշալեան, Միքայէլ Կիւրճեան, Յովհ. Հինդլեան, տոքթ. Պօղոս Քօլօլեան, Ինտրա, Սիամանթօ, Եդուարդ Գօլանճեան, Տիգրան Չէօկիւրեան, Ռուբէն Սեւակ, Թէոդիկ, Յովհաննէս Տէվէճեան (Արմէն Սեւան), Մատթէոս ԶարիՖեան, Շահան Շահնուր, Զարեհ Որբունի, Բագարատ Թեւեան…։

Ահա ա՛յդ դպրոցին հիմնադիր-տնօրէնն էր Ռեթէոս Պէրպէրեան։

Շահան իր նախնական ու երկրորդական ուսումը ստացաւ, բնականաբար, հօր սեփական վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղաւ 1906-ին։ Պատանի տարիքին ջութակի ու դաշնամուրի անձնական դասեր ալ առաւ, յղկեց իր գեղարուեստական ճաշակը։

Հօր մահէն  մէկուկէս տարի անց (1908), Շահան Փարիզ մեկնեցաւ ու բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Գոլէժ Տը Ֆրանսի ու Սորպոնի մէջ, որոնք հանդիսացան իր իմացական մարզարանները։ Հանրի Պէրկսոն, Էմիլ Տիւրքէյմ եւ Ժորժ Տիւմա իր ուսուցիչները եղան։ Կը պատմուի, թէ այս վերջինը, անգամ մը, Սորպոնի դպրոցաշէնքի իր սենեակին պատուհանէն տեսնելով փոքրահասակ Շահանը՝ շրջափակին մէջ, անութին տակ հաստափոր գիրքեր շալկած, իր շուրջիններուն ըսած էր.«Voilo un qui est quelqu՛un» («Ահաւասիկ մէկը՝ որ մէ՛կն է»)։

Պոլիս վերադառնալէ ետք, երբ տակաւին 20 տարեկան էր, Շահան ստանձնեց հօր մահով թափուր մնացած Պէրպէրեանի տնօրէնի պաշտօնը։ Ա՛լ վկայեալ համալսարանաւարտ էր։ Սորպոնի համալսարանի (Փարիզ) իմաստասիրական ճիւղն աւարտեր էր գերազանց նիշերով, վայելելով համակրանքը Ֆրանսացի աշխարհահռչակ փիլիսոփայ Հանրի Պէրկսոնի։

Թէոդիկ «Ամէնուն Տարեցոյցը» 1912-ի իր թիւին մէջ կը գրէր.«Հանգուցեալ ուսուցչապետին զաւակներէն Շահան Պէրպէրեան այս տարի (1911) Փարիզի համալսարանի Կաճառին առջեւ իր doctorat-ի թէզը ներկայացունելով ստացած է Docteur es Lettres տիտղոսը։ Երիտասարդ պսակաւորը դառնալով Պոլիս՝ հաստատուած է իր մեծանուն հայրիկին հիմնած վարժարանը, փիլիսոփայական ուսմանց եւ մանկավարժութեան մէջ ունեցած իր խոր հմտութեամբը ստանձնելով դասաւանդութիւնը սոյն ուսմանց»։

Ուրեմն, 1911-էն մինչեւ քեմալական շարժման օրերը՝ 1922 (զանց առնելով Մեծ Եղեռնի տարիները, երբ դպրոցը պահ մը փակուեցաւ), Շահան Պէրպէրեան ձեռնհասօրէն վարեց իր հօր հիմնած դպրոցը։ Յետոյ, երկու տարի անց, զայն փոխադրեց Գահիրէ ու նոյն առաքելութիւնը շարունակեց լրիւ տասնամեակ մը եւս, մինչեւ 1934, իր եղբօր՝ երաժշտագէտ Օննիկ Պէրպէրեանի, համատեղ գործակցութեամբ։

Գահիրէի դպրոցը, գաղութին նեցուկը վայելելով հանդերձ, ի վերջոյ փակուեցաւ սակայն նիւթական պատճառներով։

Այնուհետեւ, Շահան Պէրպէրեան իր նկատառելի նպաստը բերաւ նախ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Ժառանգաւորաց վարժարանին (1934-1944, Թորգոմ պատրիարք Գուշակեանի խելացի կարգադրութեամբ ու հրաւէրով եւ Յ. Օշականի հետ կողք-կողքի), ամէնէն ետքն ալ՝ Անթիլիասի Դպրեվանքին (1944-1956, Գարեգին Յովսէփեանց կաթողիկոսին հրաւէրով), ուր դասաւանդեց իմաստասիրութեան պատմութիւն, հոգեբանութիւն, տրամաբանութիւն եւ գեղագիտութիւն։ Իր լիութեան տարիները, այսպիսով, անցան այս զոյգ վանական կրթօճախներուն խաղաղ շուքին տակ՝ նկատառելի չափով բարձրացնելով անոնց վարկն ու համբաւը։ Պոլսոյ ու Գահիրէի Պէրպէրեան փակեալ վարժարանները, կերպով մը, «վերապրեցան» Երուսաղէմի ու Անթիլիասի մէջ։

Ինչպէս կը տեսնուի, ամբողջ 45 տարի ուսուցչագործած է ան՝ անձանձրոյթ նուիրումով ու եւրոպական չափանիշի մը կիրարկումով։ Ռեթէոս Պէրպէրեանի զաւակներուն մէջ ամէնէն աւելի ի՛նքն էր՝ որ շարունակեց հօր կրթական միսիոնը։ Իր աշակերտները անջնջելի յուշեր պահեր են իրմէ։

(Շարունակելի – 1)

 

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ