ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ

Երեխային առաջին դաստիարակները ծնողքն ու ընտանիքն են, որոնց միջոցով ան կը բացուի իր շրջապատին, կը ճանչնայ իր ապրած միջավայրը, կը ծանօթանայ հաւաքականութեան բարքերուն, սովորութիւններուն, մտածելակերպին, մշակոյթին, դաւանած արժէքներուն, հաւատալիքներուն, ըմբռնումներուն ու լեզուին։

Երբ ընկերութենէն ներս բացակայ է երկխօսութեան ունակութիւնը, ինչպէ՞ս կ’ակնկալենք որ այդ ընկերութեան գլխաւոր բաղկացուցիչը կազմող ընտանիքը իրեն վերապահուած դաստիարակչական պարտականութիւնը լիարժէքօրէն կատարէ, զայն առողջ եւ օգտակար ձեւով առաջ տանի, ինչպէ՞ս կը յուսանք որ երեխան վարժ ըլլայ քաղաքավար հաղորդակցութեան ու զրոյցի, ուրիշներու հետ հեշտութեամբ եւ համերաշխութեամբ առնչուելու, հասակակիցներու առաւելութիւններն ու յաջողութիւնները հանդուրժողութեամբ ընդունելու եւ գնահատելու, մանաւանդ՝ երբ փոքրահասակը կ’ապրի եւ կը դաստիարակուի ընկերային միջավայրի մը մէջ, ուր տիրապետող են խստութիւնը, պարտադրանքը, չափազանցուած կաշկանդումները, կանխակալ արգելքները, բիրտ եւ կոպիտ վարուելակերպը, բռնատիրական ոգին, ծնողներու եւ երէցներու որոշումներուն անառարկելիութիւնը, անոնց տնօրինումներուն անբեկանելիութիւնը…, տարբեր բացատրութեամբ՝ միջավայր մը, ուր բացակայ են ազատութեան, երկխօսութեան, այլակարծութեան, այլընտրանքներու ամենատարրական ու ամենանախնական նախադրեալները։

Յետամնաց հաւաքականութիւններու մէջ, ընտանիքի անդամներու միջեւ փոխ յարաբերութիւնը կը կառուցուի տարիքային եւ հեղինակային աստիճանական կարգով, կը բնորոշուի մանկահասակներու կողմէ երէցներու նկատմամբ ցուցաբերուած կոյր հնազանդութեամբ եւ ենթակայութեամբ։ Մեծահասակներու կողմէ արձակուած հրահանգներով, վերջնագրերով, ազդարարութիւններով, անվերատեսելի վճիռներով, ծայրայեղ խստապահանջութեամբ։ Ծնողներ կը հրամայեն, իսկ երեխաներ կը համակերպին եւ կը գործադրեն։ Հայրեր ու մայրեր առանձնաբար կը սահմանեն արտօնեալն ու անթոյլատրելին, մեղադրելին ու նուիրականը, իսկ երեխային կը մնայ հետեւիլ անոնց, առանց վիճարկումի որդեգրել իրեն ներկայացուածը, ընթանալ նախագծուած ուղիէն։ Այստեղ բացառուած է կարծիք յայտնելը, հարցադրում կատարելը, լուսաբանութիւն պահանջելը, բացատրութիւն խնդրելը։ Մեծը առանձին եւ միահեծան որոշող է, իսկ փոքրիկը՝ պարզապէս հետեւորդ ու կամակատար։

Փորձագէտներ բաղդատական հետաքննութիւն մը կատարած են նոյն տարիքը ունեցող եգիպտացի երկու երեխաներու միջեւ, որոնցմէ առաջինը ծնած ու հասակ առած է եւրոպական ոստանի մը մէջ, մինչ երկրորդը՝ Գահիրէի։ Արձանագրուած նկատառումներու համաձայն, առաջին երեխայի ծնողները անոր հետ վերաբերած են գիտակից եւ հասուն մեծահասակի մը նման, անոր մեծ կարեւորութիւն ընծայած, զայն յարգած, տարբեր հարցերու առնչութեամբ իր տեսակէտերը շօշափած եւ հաշուառած, անոր հետ ամենայն ազնուութեամբ եւ բարեկրթութեամբ վարուած, հաւասարէ-հաւասար խօսակցած։

Իսկ երկրորդ երեխայի պարագային, ծնողներու վերաբերումը եղած է միակողմանի, պարտադրական, կանխածրագրուած ու հրահանգչային բնոյթի, ուր երեխան լուսանցքայնացուած է, կրաւորականութեան եւ համակերպումի քաջալերուած։ Այստեղ փոքրիկը իր բոլոր իրաւունքներէն գրեթէ զրկուած է, անոր զլացուած են սեփական կարծիքը ներկայացնելու որեւէ պատեհութիւն, ինքնադրսեւորումի որեւէ առիթ։ Ինքնուրոյն մտածելու, առանձին ծրագրելու եւ գործելու, նախընտրութիւններ կատարելու, որոշումներ կայացնելու իրաւունք չէ ճանչցուած անոր։ Այլ խօսքով՝ մանուկը ինքնագործունէութեան չէ մղուած, ուրոյն եւ ստեղծագործ աշխատանք ծաւալելու ուղղութեամբ չէ խրախուսուած։

Երեխայի բնականոն աճի եւ առողջ դաստիարակութեան համար անհրաժեշտ է, որ դպրոցէն թէ ընտանեկան յարկէն ներս տիրէ բռնութենէ եւ կաշկանդումներէ զերծ ժողովրդավար մթնոլորտ, փոքրահասակին ընձեռուի մեծահասակներու հաւասարազօր իրաւունքներ, հեռու՝ մէկ կողմէ հրահանգողի կամ թելադրողի, ու միւս կողմէ՝ հլու-հնազանդ կատարողի, ստրկամտութեամբ ենթարկուողի փոխ-յարաբերական խոցելի վարքագիծէն։

Ազատութիւնը օդի, ջուրի եւ սնունդի չափ կենսական է երեխային համար։ Շարժումի ազատութիւն, խաղի ազատութիւն, խօսքի ազատութիւն, արտաքին աշխարհին ծանօթանալու ազատութիւն, ընկերներ ընտրելու ազատութիւն, ուրիշներու հետ առնչուելու եւ զրուցելու ազատութիւն, զինք անհանգստացնող հարցերու շուրջ անարգել արտայայտուելու եւ պարզաբանութիւն պահանջելու ազատութիւն…։

Արեւմտեան քաղաքակրթութեան մէջ, վերածնունդի դարաշրջանէն սկսեալ, մարդկային հաղորդակցութեան ու յարաբերութիւններու հիմք ծառայած է յունական այն հանրածանօթ իմաստութիւնը, համաձայն որուն՝ երկխօսութիւնը ուղեղներ կը բեղմնաւորէ, նոր գաղափարներ կը ծնի։ Յիրաւի՝ դարեր շարունակ բազմակողմանի զրոյցը, այլակարծութիւնը մարդկային միտքը լուսաւորած են եւ թափ տուած ստեղծագործ մտածողութեան, արդիւնարար աշխատանքի, դառնալով յառաջդիմութեան եւ զարգացման անփոխարինելի գրաւականներ։

Երբ երեխան տունէն կը փոխադրուի դպրոց, միակողմանի նոյն մօտեցումը, նոյն գործելաոճը ոչ միայն կը շարունակուին, այլ առաւել եւս կը խորանան, կը շեշտուին։ Դպրոցական գործունէութեան առանցք կը հանդիսանայ ուսուցիչը։ Ան է գիտելիքներու աղբիւրը, ան է որ կ’ուսուցանէ, կը դաստիարակէ։ Դպրոցը բանականութեան փոխարէն կանխակալ եւ նախապաշարեալ մտածողութիւնը կ’արմատացնէ, աւելին՝ յիշողութեան յենող կրաւորական ուսուցումը, մեքենական եւ թութականման կրկնութեամբ անգիր մտապահութիւնը, ուսուցչի միաւողմանի մատուցմամբ եւ աշակերտի ձեռնածալ ընկալունակութեամբ բնորոշուող դասաւանդութեան անպտուղ ու հնամենի կերպերը, ժամանակավրէպ եղանակները կը նուիրականացնէ։ Բազմակողմանի զրոյցը, հետաքրքրութիւն առթող հարցադրումները, մտքի հրահարումները, խմբական աշխատանքը… ընդհանրապէս տեղ չունին այնտեղ։

Դպրոցը պատրաստի եւ վերջնականացած գիտելիքներ կը հրամցնէ աշակերտին, զայն զրկելով պրպտելու, հետազօտելու, յայտնագործումներ կատարելու եւ սեփական ջանքերով կամ հաւաքական մասնակցութեամբ գիտելիքին տիրանալու գործառոյթէն, ուրոյն եւ ստեղծագործ աշխատանքի հաճոյքէն։

Կրթական ոլորտէն ներս առայսօր որդեգրուած գործառոյթները, ուսուցողական եղանակները, աշակերտին մօտ ստեղծագործական ձգտում, գիտական հետաքրքրութիւն, պեղումի եւ յայտնագործութեան սէր չեն յառաջացներ, ինքնակրթութեան եւ ինքնազարգացման չեն մղեր զայն, այլ կը վարժեցնեն լճացումի, գիտելիքը առանց դժուարութեան, առանց մտաւոր ջանքի եւ պրպտումի հապճեպօրէն ընդունելու, եւ ուրեմն՝ շատ չանցած նոյնքան հեշտութեամբ մոռնալու։

Ուսուցման էականութիւնն ու յաջողութիւնը չեն պայմանաւորուիր աշակերտի ամբարած գիտելիքներու քանակով, այլ գլխաւորաբար՝ որակով, ուսումնառական գործընթացի ներգործութեամբ մանուկ-պատանիի մտաւոր կառոյցին վրայ, այնպէս որ տարիներու յառաջացումին հետ անոր մտածողութիւնը կը զարգանայ, տրամաբանելու եւ վերլուծելու կարողութիւնը կը յառաջդիմէ, շնորհներն ու ընդունակութիւնները կը բեղմնաւորուին։

Անչափահասին առիթ պէտք է ընծայուի ընկերային համահաւասար, համադասական յարաբերութիւններ մշակելու ծնողներու, ուսուցիչներու կամ երէցներու հետ։ Այսինքն՝ վերադաս համարուող աւելի տարեց սերունդին հետ։

Մարդկային քաղաքակրթութեան արշալոյսէն ի վեր նորահաս սերունդի ուսուցման եւ դաստիարակութեան ընթացքը, կրթական ծրագրերու բովանդակութիւնն ու զանոնք իրականացնելու լծակները, մեթոտները կանխորոշուած, կանխապատրաստուած եւ կանխամշակուած են աւագ սերունդին կողմէ։

Մարդակերտման եւ ազգակերտման կենսական եւ պատասխանատու պարտականութիւնը անցեալին, պատմութեան տարբեր փուլերուն, առհասարակ ստանձնած է երէց սերունդը։

Սակայն փորձը ցոյց կու տայ, որ ժամանակակից սերունդը ընդհանրապէս շեղած է աւագներու կողմէ սահմանուած իտէալներէն, արժէքային համակարգէն, որդեգրելով սեփական ուրոյն ուղեգիծ։

Այսօր նորահաս սերունդը մեծաոստում զարգացում եւ յառաջդիմութիւն կ’արձանագրէ։ Յառաջդիմութիւն, որ առաւելաբար նկատելի է մարմնական եւ իմացական աճի առումով, քան՝ ընկերային հաղորդակցութեան ենթահողի վրայ։

Փոխ-յարաբերական ոլորտի սահմանափակիչ այս երեւոյթը դարմանելու համար անհրաժեշտ է, ուրեմն, երեխային տեսակաւոր յանձնարարութիւններ կատարել շատ փոքր տարիքէն, ըլլայ ընտանեկան յարկի տակ թէ մանկապարտէզի եւ վաղ դպրոցական տարիներուն։ Բնականաբար, այդ յանձնարարականները ցանկալի է որ ըլլան հեռանկարային եւ առաջադրեն եռակի ուղղուածութիւն.

Ա.- Պարտականութիւններ կամ աշխատանքներ, որոնք կը նուազեցնեն երեխային կախեալութիւնը ուրիշէն, կը սահմանափակեն անոր ապաւինիլը երէցներուն, զայն դարձնելով աւելի ինքնավստահ եւ սեփական հարցերը տնօրինելու ատակ։

Բ.- Աշխատանքներ, որոնք կը նպաստեն ընդհանուրին, խումբի մնացեալ անդամներուն եւս օգտակար կը դառնան, կ’օժանդակեն անոնց կացութեան բարելաւման եւ բարեկեցութեան։

Գ.- Աշխատանքներ, որոնք կ’ընդգրկեն խմբական միջոցառումներ, երեխան կը մղեն համագործակցութեան, իր հասակակաիցնեու հետ փոխըմբռնումի, համերաշխութեան եւ փոխօգնութեան։

Բաղձալի է միաժամանակ, որ անչափահասը ունակութիւն եւ փորձառութիւն ձեռք բերէ գործելու, սորվելու տարբեր տարիքի անհատներու, ու մանաւանդ՝ երէց սերունդի ներկայացուցիչներու հետ։

 

Խաչիկ Շահինեան