Ուրբաթ, 26 Յուլիս 2019-ի առաւօտեան թեմի ազգային մարմիններու շնորհաւորական եւ ծանօթացման հանդիպումները կը միտէին նաեւ վերականգնումի սեմին ամբողջական ուրուագիծը կազմել Բերիոյ Թեմի գործող մարմիններու յառաջիկայ ծրագրերուն եւ առաջնահերթութիւններուն:
Արդարեւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ.Մասիս Եպս. Զօպուեան նոյն օրը, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընդունեց նաեւ Ս.Յակոբ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Թաղական Խորհուրդի եւ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ներկայացուցիչները: Անոնք շնորհաւորեցին նորընտիր թեմակալ առաջնորդը, մաղթելով արեւշատութիւն եւ բարի երթ: Ծանօթացումէն ետք, ներկաները իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեան մասին ակնարկութիւն կատարեցին: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնաբեր խօսքերով խրախուսեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ընտանիքը, մաղթելով աննկուն կամք, անսպառ եռանդ եւ աստուածահաճոյ ծառայութիւն: Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ ազգանուէր ձգտումները կարելի չէ անջատել եկեղեցւոյ առաքելութենէն, ուստի, հայ եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ գործող իւրաքանչիւր անհատ հարկ է, որ իրեն վիճակուած պաշտօնը կատարէ սիրոյ մղումով, ինչպէս Քրիստոս սորվեցուց:
Աւարտին, ներկաները Սրբազան հօր օրհնանքը ստացան:
«Ուրախ լեր, սուրբ եկեղեցի»: